«Հ. Փափազեան» Մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը

ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» Մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2014-ին, «Շուշի»ակումբի սրահէն ներս:

Լ.Օ.Խ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան:

Հայկական երաժշտութեամբ ընթացաւ ձեռնարկը:

Վիճակաձգութենէն ետք ընկերուհիները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն: