Մտերմիկ Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի (Ռաուտա) վարչութեան, Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կայացաւ մտերմիկ հանդիպում մը շրջանի ակումբէն ներս:

Հանդիպման նպատակը մասնաճիւղի անդամներուն եւ նորընտիր վարչութեան իրար ծանօթացումն էր, որուն ընթացքին տեղի ունեցան պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ վիճակաձգութիւն: