ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին , Ժպէյլի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս կազմակերպեց «Միջինքի Ձեռնարկ» մը, ուր ներկայ եղան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ տեղացի հիւրեր: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Լուսին Պէզճեան, իսկ արաբերէնով բարի գալուստ մաղթեց ընկհ. Սիլվա Համբարձումեան: Մարտ 8-ը կը զուգադիպէր Կանանց Միջազգային…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի (ժպէյլ) հիմնադրութեան 50-Ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, մասնաճիւղիս մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, ընկհ. Մարօ Թազեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Ճուպանեանի, մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներու, քոյր…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» (Ճիպէյլ) մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ճիպէյլի «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Միջինքի հաւաքոյթ» ձեռնարկը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Ճուպանեանի, ԼՕԽականներու, ԼՕԽ-ի բարեկամներու եւ հրաւիրեալներու: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ատենապետուհի՝ ընկհ…
ԱւելինԺպէյլ շրջանի ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, մայրերու օրուան առիթով կազմակերպեց պտոյտ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2016-ին: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ճամբայ ելան ժպէյլի «Հայ Կեդրոն»էն: Մասնակցողները պտոյտի ընթացքին նախաճաշեցին Պրպարա շրջանի «Պիթար» ճաշարանին մէջ, ապա ուղղուեցան դէպի «Մար Մթանիոս քապիր» եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէ ետք, այցելեցին նաեւ թանգարանը, ուր զետեղուած է տարիներ առաջ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ՝ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան , Շաբաթ, 26 Մարտ 2016-ին , կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին , Ժպէյլի « Հայ Կեդրոն» -ին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրերու յատուկ Զատկուան ձեռնարկ մը: Օրուան հիւրերն էին ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» պատանեկան միութեան պատանիները , որոնք դիմաւորուեցան վարչական ընկերուհիներուն կողմէ : Ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Պէզճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք անոնց, բացատրեց որ ԼՕԽ-ը միշտ նախանձախնդիր է հայ փոքրիկը…
ԱւելինՍուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…
ԱւելինԵկեղեցական, ազգային ու հայկական տօներուն եւ աւանդութիւններուն պահպանումը միշտ ալ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւններու ձեռնարկներուն առանցքը եղած են: Հետեւելով նախորդ տարիներու սովորութեան, այս տարի եւս ժպէյլի ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 25 Փետրուար 2016-ին, կազմակերպած էր «Միջինք»-ի ձեռնարկ մը «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ: Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ…
Աւելին«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…
ԱւելինԱնհամբերութեամբ սպասուած պահը հասած էր..... Շուրջ 65 Փոքրիկներ իրենց մայրերու ընկերակցութեամբ, ժամանած էին Ժպէյլի «Հայ Կեդրոն», ներկայ գտնուելու ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Կաղանդ Պապուկ»-ի ձեռնարկին, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Գեղեցիկ էր սրահի զարդարանքը, տօնական բուրմունք կար ամէն անկիւն, տօնածառը իր գոյնըզգոյն լոյսերով, կաղանդ պապուկի հսկայ բուչիկը, որ բերուած էր ԱՄՆ-էն…
ԱւելինԼՕԽ-ի մարդասիրական, առողջապահական, կրթական, ընկերային, քարոզչական եւ այլ գործունէութեանց հետ զուգահեռ, իր հիմքը հանդիսացող խարիսխը` իր մասնաճիւղերը, իրենց տարեկան ծրագիրներուն մէջ կը ներառեն այնպիսի ձեռնարկներ, որոնք կը նպաստեն անդամուհիներուն եւ համակիրներուն հոգեկան խաղաղութեան, առիթ կը ստեղծուի իրենց մոռնալու առօրեայի տառապանքները, երկրի աննպաստ պայմաններու պատճառով ստեղծուած տագնապները եւ որպէս մարդ` իրաւունքը ունենալու…
ԱւելինԺպէյլ շրջանի ԼՕԽ-ի ‹‹ՍՕՍԷ›› Մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան տարեկան առաջին ձեռնարկը եղաւ դաշտագնացութիւն մը դէպի Այնճար: Չորեքշբթի, 30 Յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին , Ժպէյլի «Հայ Կեդրոն» ժամանած էին ընկերուհիներ, հիւրեր եւ շրջանի օտար բնակիչներ մասնակցելու ԼՕԽ-ի պտոյտին: Փոխադրակառքերը, նախ ըստ ծրագրուած յայտագրին, ուղղուեցան դէպի Այնճար :Նախաճաշելէ ետք խումբը այցելեց Այնճարի բերդը, ապա ուղղուեցաւ դէպի «Ռազմիկ»…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի (Ժպէյլ) վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Եւ Հայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 Մայիս 2015-ին,երեկոյեան ժամը 9-էն սկսեալ, Ժպէյլի Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, ընկերներու, տեղացի հիւրերու եւ Պաթրունէն ժամանած հրաւիրեալներու .թիւով 123 հոգի: Մուտքին, վարչութիւնը մայրերը եւ մեծ մայրերը դիմաւորեց ծաղիկներու թաղարներով եւ անուշահոտերով իսկ հայրերը բանալիի…
ԱւելինՈւրբաթ 27 Նոյեմբեր 2014 –ին ‘’Ժպէյլի’’ ‘’Հայ Կեդրոն’’-ին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի’’ Սօսէ’’ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը, որմէ անմիչապէս ետք , մասնաճիւղի Հերթական Ա ժողովը: ԼՕԽ-ի քայլերգի երգեցողութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Լուսին Պէզճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Ներկաներուն բաժնուեցաւ ՀՕՄ-ի 100-ամեայ Յուշամատեան գիրքը, ‘’Հայ Սիրտ’’ ամսագիրը եւ ԼՕԽ-ի 2015–ի օրացոյցը որ գնահատանքի…
ԱւելինՄայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով`…
ԱւելինՀայկական աւանդութիւններուն, ազգային եւ եկեղեցական տօներուն պահպանումը կը նկատուին ԼՕԽ-ի առաքելութեան մէկ մասը: Սոյն նպատակով այս արժէքներու փոխանցումը ներկայ սերունդին պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն կը նկատուի իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ի մասնաճիւղի վարչութեան համար: Այս առաջադրանքէն մեկնած` ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ժիպէյլ), կազմակերպած էր Ս. Սարգիսի տօնին նուիրուած ձեռնարկ-ճաշ մը, 13 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան ( Ժպէյլ ), 9 Մայիս 2013-ին տեղի ունեցաւ սոյն ձեռնարկը , Ժպէյլի Հայ Կեդրոնի վերանորոգուած սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Մուտքին ներկաները ստացան ծաղիկներ եւ նուէրներ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհին ընկերուհի Լուսին Պէզճեանը, շնորհաւորելով…
ԱւելինԼՕԽ -ի "Սօսէ'' մասնաճիւղը , Ժպէյլ , կազմակերպեց Միջինքի ձեռնարկ մը 13-3-2013-ին առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ Ժպէյլի ակումբէն ներս , ներկայութեամբ 80 ԼՕԽ- ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու : Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատերապետուհին` ընկհ. Լուսին Պէզճեան : Ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական տոհմիկ ճաշերով, երգեցին եւ պարեցին հայկական երգեր ու պարեր: Հեռակայ այդ շրջանին մէջ իսկապէս ուրախութիւն է տեսնել…
ԱւելինԼՕԽ -ի "Սօսէ'' մասնաճիւղը , Ժպէյլ , կազմակերպեց Միջինքի ձեռնարկ մը 13-3-2013-ին առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ Ժպէյլի ակումբէն ներս , ներկայութեամբ 80 ԼՕԽ- ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու : Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատերապետուհին` ընկհ. Լուսին Պէզճեան : Ներկանները հիւրասիրուեցան հայկական տոհմիկ ճաշերով, երգեցին եւ պարեցին հայկական երգեր ու պարեր Հեռակայ այդ շրջանին մէջ իսկապէս ուրախութիւն է տեսնել…
Աւելին1976 թուականին Ժիպէյլի մէջ հիմնադրուեցաւ հայ կեդրոն ակումբը, որուն նպատակն էր համախմբել շրջանի հայութիւնը եւ զայն ամրապնդել: Այս առումով հսկայական աշխատանք ի գործ դրուեցաւ, որպէսզի օտարներով շրջապատուած հայը հայ մնայ եւ հայօրէն գոյատեւէ: Պահպանելով իր հայկական ինքնութիւնն ու դիմագիծը շրջանի հայութիւնը նաեւ արժանացաւ տեղւոյն բնակչութեան յարգանքին: Իբրեւ կուսակցական միաւոր շրջանին մէջ կը գործէ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութիւնը, ԼՕԽ-ի…
Աւելին

















