«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:

Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:

 

«Սօսէ» Մասնաճիւղ

27 մայիս 2014-ին Ժիպէյլի Հայ կեդրոնին մէջ կ՛արձագանգէր հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը: ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթն էր` մայրերու եւ Համբարձման նուիրուած:

Ձեռնարկի բացման խօսքը հայերէնով արտասանեց վարչական անդամ Բեգա Երջանեան, վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, Պէյրութէն ժամանած բազմաթիւ հիւրերու, տեղացի կիներուն եւ ԼՕԽ-ականներու, ան նաեւ շնորհաւորեց հայ մայրերն ու մեծ մայրերը, Բ. Երջանեան մայրութիւնը սահմանեց որպէս կեանք, սէր, հաւատք, ուժ, զոհողութիւն, համբերութիւն եւ տաքուկ գիրկ իր զաւակներուն: Իսկ աղօթող մօր ընտանիքը անկործանելի բոյն է հաստատեց ան` երանի տալով բոլոր անոնց, որոնք ողջ մայր ունին:

Տրուած ըլլալով, որ հեռակայ Ժիպէյլի շրջանի մէջ տեղացիները` գնահատելով ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, ներկայ կ՛ըլլան ձեռնարկներուն, արաբերէնով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Մունա Թանպուքեան. մայիս ամիսը որակելով որպէս Աստուածամօր ամիս` ան շնորհաւորեց մայրերն ու մեծ մայրերը, ինչպէս նաեւ մեզմէ անվերջ հեռացած մայրերը…

Ձեռնարկի ընթացքին վարչութեան ատենապետ Լուսին Պէզճեան, ծաղկեփունջով եւ յիշատակի նուէրով մը շնորհաւորեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանը, որ իր կարգին սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն:

Ձեռնարկը խանդավառեց երգիչ Մանուկ Սարգիսեանը: Ներկաներուն բաժնուեցաւ աւանդական Համբարձման առակներ, ինչպէս նաեւ տուրմեր, որոնց վրայ հայերէնով գրուած էր`

Մայրը մի բան է
Մայրը մի վանկ է
Սակայն այս բառը
Մի ադամանդ է…

Տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում վարչութեան կողմէ: Կատարուեցան նուիրատուութիւններ, իսկ վիճակահանութենէն շահող թիւերը ստացան գեղեցիկ նուէրներ: