Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Սօսէ Մասնաճիւղ

ՏԱՐՕՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒՀԻՆ ՍՕՍԷ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ (ՍՕՍԷ ՄԱՅՐԻԿ)

Սօսէ, Սօսի կամ Սօսուն պարզ գիւղացի աղջիկ մըն էր Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն, որ 13 տարեկանին ամուսնացաւ, ապագայ նշանաւոր ֆետայի Սերոբ Աղբիւրի կամ Սերոբ փաշայի հետ:

1890ական թուականներուն ամուսինը պանդխտութեան գնաց, իսկ Սօսէն Սոխորդ մնաց: Երիտասարդ գեղջուհիին վրայ խոր տպաւորութիւն ձգեցին իր ամուսինին Առաքել հօրեղբօր հայրենասիրական պատմութիւնները:

1895-ին երբ ամուսինը Ախլաթ վերադարձաւ եւ սկսաւ քարոզել «տղաք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք». Սօսէն իր կողքին էր՝ գաղափարակիցն ու գործակիցը: 1899ին Սերոբի թագստոցն էր Գեալի գոզան գիւղը: Երբ թշնամին գիւղը պաշարեց, Սերոբ ութ ժամ անընդհատ կռուեցաւ: Երբ թշնամի գնդակ մը վերջ դրաւ ամուսինին կեանքին. Սօսէն անմիջապէս անոր ձեռքէն ինկած հրացանը առաւ եւ շարունակեց կրակել:

Շուտով թուրք զինուորներ, իրենց հրամանատարի գլխաւորութեամբ, իր դիրքը հասան, յարձակեցան անկենդան Սերոբի վրայ, կտրեցին գլուխը, իսկ Կալանաւոր Սօսէն նախ Մուշ տարին, ապա նետեցին Բաղէշի բանտը:

Բանտէն ազատելէ ետք, Սօսէ Կովկաս անցաւ: Ան տեսաւ իր ամուսինին երազներուն իրականացումը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Համայնավարներու ներխուժումէն ետք. անցաւ Պոլիս, ապա Եգիպտոս եւ Աղեքսանդրիա հաստատուեցաւ:

Սօսէ մեռաւ Աղեքսանդրիա1951, 1998 Մայիս 28-ին, Հայաստանի անկախութեան 80 ամեակին առիթով, Հ.Օ.Մ.ի նախաձեռնութեամբ Հայ ժողովուրդը հանդիսաւոր արարողութեամբ հայրենի հողին յանձնեց իր անմահ դստեր՝ Սօսէ Մայրիկի Աղեքսանդրիայէն (Եգիպտոս) բերուած աճիւնները: Անոնք ամփոփուեցան Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ:

Մասնաճիւղը Հիմնուած է 1967 –ին ճպէյլի շրջանին մէջ: Կը գործէ Ճպէյլի Հայ կեդրոնին մէջ :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Միջինքի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին , Ժպէյլի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս կազմակերպեց «Միջինքի Ձեռնարկ» մը, ուր ներկայ եղան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ տեղացի հիւրեր: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Լուսին Պէզճեան, իսկ արաբերէնով բարի գալուստ մաղթեց ընկհ. Սիլվա Համբարձումեան: Մարտ 8-ը կը զուգադիպէր Կանանց Միջազգային…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Սօսէ» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 50-Ամեակ

ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի (ժպէյլ) հիմնադրութեան 50-Ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, մասնաճիւղիս մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, ընկհ. Մարօ Թազեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Ճուպանեանի, մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներու, քոյր…

Աւելին
Միջինքի Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» (Ճիպէյլ) մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ճիպէյլի «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Միջինքի հաւաքոյթ» ձեռնարկը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Ճուպանեանի, ԼՕԽականներու, ԼՕԽ-ի բարեկամներու եւ հրաւիրեալներու: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ատենապետուհի՝ ընկհ…

Աւելին
Պտոյտ Լիբանանի տեսարժան վայրերը

Ժպէյլ շրջանի ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, մայրերու օրուան առիթով կազմակերպեց պտոյտ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2016-ին: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ճամբայ ելան ժպէյլի «Հայ Կեդրոն»էն: Մասնակցողները պտոյտի ընթացքին նախաճաշեցին Պրպարա շրջանի «Պիթար» ճաշարանին մէջ, ապա ուղղուեցան դէպի «Մար Մթանիոս քապիր» եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէ ետք, այցելեցին նաեւ թանգարանը, ուր զետեղուած է տարիներ առաջ…

Աւելին
Զատկուան Ձեռնարկ Ժպէյլի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՝ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան , Շաբաթ, 26 Մարտ 2016-ին , կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին , Ժպէյլի « Հայ Կեդրոն» -ին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրերու յատուկ Զատկուան ձեռնարկ մը: Օրուան հիւրերն էին ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» պատանեկան միութեան պատանիները , որոնք դիմաւորուեցան վարչական ընկերուհիներուն կողմէ : Ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Պէզճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք անոնց, բացատրեց որ ԼՕԽ-ը միշտ նախանձախնդիր է հայ փոքրիկը…

Աւելին
Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…

Աւելին
Բոլոր լուրերը