Պտոյտ Լիբանանի տեսարժան վայրերը

Ժպէյլ շրջանի ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, մայրերու օրուան առիթով կազմակերպեց պտոյտ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2016-ին:

Առաւօտեան ժամը 8:00-ին,  փոխադրակառքերը ճամբայ ելան ժպէյլի «Հայ Կեդրոն»էն: Մասնակցողները պտոյտի ընթացքին նախաճաշեցին Պրպարա շրջանի «Պիթար» ճաշարանին  մէջ, ապա ուղղուեցան դէպի «Մար Մթանիոս քապիր» եկեղեցին:
Եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէ ետք, այցելեցին նաեւ թանգարանը, ուր զետեղուած է տարիներ առաջ ստեղծուած առաջին տպագրական մեքենան:

Շարունակելով, խմբակը այցելեց «Մզեարա» ուխտատեղին, որ զբօսաշրջիկներու գնահատանքին եւ հիացմունքին արժանացած վայր մըն է իր գեղեցկութեամբ, շինարարութեամբ եւ սրբութեամբ:

Պտոյտին վերջին հանգրուանը եղաւ բնութեան գիրկը գտնուող, Զղարթա շրջանին մէջ գտնուող «Պնաշհի» լիճն ու անոր  շրջակայքը գտնուող «Ալ Միրատոր» ճաշարանը, ուր վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Լուսին Պէզճեան բարի  գալուստ մաղթելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց նիրկաներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկները, նպաստելով անոր գործունէութեան եւ աշխատանքներուն յաջողութեան:

Հաճելի եւ ուրախ օր մը վայելելէ ետք, խմբակը վերադարձաւ «Հայ Կեդրոն», առաջարկելով վարչութեան, որ յաճախ կազմակերպուին նոյնանման պտոյտներ: