ԼՕԽ-ի «Սօսէ» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 50-Ամեակ

ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի (ժպէյլ) հիմնադրութեան 50-Ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, մասնաճիւղիս մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, ընկհ. Մարօ Թազեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Ճուպանեանի, մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներու, քոյր մասնաճիւղերէն ընկերուհիներու, ժպէյլահայերու եւ տեղացիներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Պէզճեան կատարեց բացման խօսքը հայերէն լեզուով, ակնարկ մը նետելով անցեալի դժուարութիւններուն, զորս դիմագրաւեց «Սօսէ» մասնաճիւղը եւ յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները կրցաւ գոյատեւել 50 տարի: Ան կոչ ուղղեց նոր սերունդին ԼՕԽ-ի ջահը միշտ վառ պահելու: Մասնաճիւղի ձեռնարկները միշտ քաջալերող տեղացիներուն համար ալ արաբերէն լեզուով խօսք առաւ ընկհ. Բէքա երջանեան, իսկ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան խօսքը:

Ձեռնարկին ներկայ մասնաճիւղի հիմնադիրներէն՝ ընկերուհիներ Մարի Փանոսեան եւ Շաքէ Պէզճեան յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան վարչութեան կողմէ, ԼՕԽ-ի ընտանիքէն ներս իրենց կատարած տարիներու կամաւոր եւ մարդասիրական զոհողութիւններուն համար:

Մասնաճիւղի գործունէութեան մասին հին ու նոր նկարներով եւ ամփոփ տեղեկութիւններով տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ պաստառի վրայ:

Գեղարուեստական յայտագրով, հայկական ճոխ երգերով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան եւ «Իմ Անոյշ Տաւիղ» մենապարով՝ վարչական ընկերուհիներէն՝ Դալար Տօնապետեան, վառ պահելով իր սիրելի պարուսոյց տիկին Կարինէ Ալեքսանտրեանի յիշատակը: Տեղի ունեցան օրուան երեք բախտաւորներուն եւ վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնները, կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան 50-Ամեակը խորհրդանշող յուշանուէրներ:

Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնելով եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով մեկնեցան սրահէն: