Զատկուան Ձեռնարկ Ժպէյլի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՝ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան  , Շաբաթ,  26 Մարտ  2016-ին , կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ,  Ժպէյլի « Հայ Կեդրոն» -ին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրերու յատուկ Զատկուան ձեռնարկ մը:

     Օրուան հիւրերն էին ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» պատանեկան միութեան պատանիները  , որոնք դիմաւորուեցան վարչական ընկերուհիներուն կողմէ :

Ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Պէզճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք անոնց, բացատրեց որ ԼՕԽ-ը միշտ նախանձախնդիր է հայ փոքրիկը ուրախացնելու եւ Հայկական աւանդութիւնները պահելու  .....այնուհետեւ անոնք  հիւրասիրուեցան վարչութեան ձեռամբ իսկ  պատրաստուած փոքրերու նախասիրած ճաշով (Hamburger)-ով .

Վարչութեան ընկերուհիներուն պատրաստած խոշոր կողով մը գոյնըզգոյն հաւկիթները յատուկ փայլք տուած էին սոյն ձեռնարկին......

Տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ ,  ուր յաղթող պատանին ստացաւ նուէր մը վարչութեան կողմէ:

Ուրախ եւ ջերմ մթնոլորտը  հոգեկան մեծ գոհունակութիւն պատճառեց  ընկերուհիներուն , նամանաւանդ երբ անոնք լսեցին պատանիներուն շնորհակալական խօսքերն ու ուրախ տրամադութեան արտայայտութիւնները :