«Կաղանդ Պապուկ»-ի Ձեռնարկ

Անհամբերութեամբ սպասուած պահը հասած էր.....

Շուրջ 65 Փոքրիկներ իրենց մայրերու ընկերակցութեամբ, ժամանած էին Ժպէյլի «Հայ Կեդրոն», ներկայ գտնուելու ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Կաղանդ Պապուկ»-ի ձեռնարկին, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:

Գեղեցիկ էր սրահի զարդարանքը, տօնական բուրմունք կար ամէն անկիւն, տօնածառը իր գոյնըզգոյն լոյսերով, կաղանդ պապուկի հսկայ բուչիկը, որ բերուած էր ԱՄՆ-էն ուշադրութեան առարկայ դարձած էր:

Դրան մուտքին բաժնուած կարմիր գլխարկները զարդարած էին ներկաներուն գլուխները:

Կարմիր-կարմիր- կարմիր.... ամէն կողմ կարմիր:

Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Պեզճեան, բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանին, Պաթրունէն եւ Պէյրութէն ժամանած հիւրերուն, շրջանի հայ թէ օտար ներկաներուն եւ բոլոր ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն:

Փոքրիկներուն երեսները գծագրուած էին կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներով, վարչական ընկերուհի Դալար Տօնապետեանի կողմէ, որ յատուկ խաղերու յայտագիր մը պատրաստած էր անոնց համար, ըստ տարիքի համեմատութեան:

Շուրջ 3 ժամ տեւողութեամբ անոնք երգեցին, խաղացին, պարեցին եւ ամենայն լրջութեամբ դիմաւորեցին զոյգ կաղանդ պապուկները, որոնք ժամանեցին հսկայ նուէրներու տոպրակ մը շալկած: Անոնք լսելէ ետք կարգ մը փոքրիկներու երգերն ու արտասանութիւնները, բոլորին անխտիր բաժնեցին նուէրներ:

Հրաւիրուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, որպէսզի փոխանցէ ԼՕԽ-ի խօսքը: Ան շնորհաւորելէ ետք բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ուրախութիւն յայտնեց, որ հեռակայ Ժպէյլի շրջանին մէջ ԼՕԽ-ը իր ներկայութիւնը փաստած եւ կրցած է ժողովուրդին վստահութիւնն ու գուրգուրանքը վայելել, որու փաստը ձեռնարկին ներկայութեան թիւն է ըսաւ ան:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ վիճակաձգութիւն, որու նուէրները տրամադրած էին հայ թէ օտար վաճառատուներ:

Նոյնանման ձեռնարկներու յաջողութիւնը, ուժ եւ կորով կը ներշնչէ խաչուհիներուս, շարունակելու մեր առաքելութիւնը եւ մարդասիրական ազնիւ գործը: