«Միջինք»-ի Ձեռնարկ

Եկեղեցական, ազգային ու հայկական տօներուն եւ աւանդութիւններուն պահպանումը միշտ ալ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւններու ձեռնարկներուն առանցքը եղած են:

Հետեւելով նախորդ տարիներու սովորութեան, այս տարի եւս ժպէյլի ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 25 Փետրուար 2016-ին, կազմակերպած էր «Միջինք»-ի ձեռնարկ մը «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ:

Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Պէզճեան հայերէնով բարի գալուստ մաղթեց Թռչնոց Բոյնի  «Արամ Պէզիկեան» թանգարանի պատասխանատու՝ հոգեշնորհ Պսակ աբղ. Թէփիրճեանին, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանին, Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանին, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն , հայ եւ օտար հիւրերուն, թիւով 93 ներկաներ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլորին նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար , իսկ յատուկ շնորհակալութիւնը վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիներուն որոնց ձեռամբ պատրաստուած էին հրամցուած միջինքի աւանդական ճաշերն ու անուշեղէնը:

Արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց վարչական ընկերուհի՝ Սիլվա Համբարձումեան:

Ձեռնարկին յատուկ կշիռ տուաւ Պսակ աբղ. Թէփիրճեանի խօսքը, պահքի խորհուրդին եւ նպատակին մասին: Ան ըսաւ.- «Պահքը միջոց մըն է, որ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի երկինք, համբերութեամբ շարունակենք ճամբորդութիւնը, սկսած Բարեկենդանէն հասնելու Սուրբ Յարութեան»..... Ան անդրադարձաւ նաեւ «Մարդը՝ Այս Անծանօթ Արարածը» գիրքին բովանդակութեան եւ իմաստին: ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի գործունէութիւնը:

Ջերմ մթնոլորտին մէջ կայացած սոյն ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցան վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ եւ ըստ հայկական սովորութիւններուն, միջինքի առթիւ , նշանուած հարսնցու մը ստացաւ նուէր մը վարչութեան կողմէ:

Ներկաները գոհունակ եւ ուրախ բաժնուեցան «Հայ Կեդրոն»-էն: