Տարիներու աւանդութեան համաձայն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբը, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակին, այս տարի եւս հանրութեան ներկայացաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսով: Արդարեւ, երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ սոյն ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան…
ԱւելինՀայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ հայկական մշակոյթով հարուստ հայ ժողովուրդի զաւակները սփիւռքի մէջ իրենց գոյատեւման պայքարը չեն սահմանափակած լոկ դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ ակումբներ հիմնելով: Հայկական գաւառներու մշակոյթն ու արուեստը, բարքերը, նկարագիրը, մէկ խօսքով` մեր պապենական ազգային ժառանգութիւնը վառ պահուած են հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Արդ, այստեղ առանձնակի դեր վերապահուած է կնոջական իւրայատուկ կազմակերպութեան մը`…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ YMCA-ի, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան, Չորեքշաբթի, 7 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայկակայ Աւանդական Ցուցահանդէս մը, որուն մասնակցեցաւ ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբը՝ ցուցադրելով հայկական ասեղներ եւ ձեռայիններ: ԼՕԽ-ի մասնակցութիւնը յատկանշական եւ իւրայատուկ կերպով դրուատուեցաւ կազմակերպիչ կողմերէն:
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ Մարօ Չուխատարեանին, հինգշաբթի, 30 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս-վաճառք: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սօսի Պոյաճեան: Ան իր…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի, երէկ` ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի…
ԱւելինԵՒՆԻԿԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Հայկական ասեղնագործութիւնը ժողովրդական ստեղծագործութեան հին եւ հարուստ բնագաւառներէն մէկն է: Ան մշակուած է հազարամեակներէ ի վեր: Հին ժամանակներէն ասեղնագործութիւնը եղած է հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ կնոջ սիրած զբաղումներէն մէկը: Հայկական ասեղնագործութեան մասին կը վկայեն մեր մատենագիրները` Ագաթանգեղոս, Մովսէս Խորենացի եւ ուրիշներ: Հին դարերու զարգացած արուեստը սերունդէ սերունդ անցնելով հասած է մեզի…
ԱւելինԺԱԳԼԻՆ ԹԵՐԶԵԱՆ Ասեղնագործութիւնը հայ կնոջ հպարտանալու միջոցներէն մէկը եղած է դարերէ ի վեր: Այդ արուեստով իր հոգեկան ապրումները իր յոյզերն ու յոյսերը արտայայտած է: Ցաւ ի սիրտ, կեանքի հեւքը ապրուստի ապահովման վազքը, ժամանակի չգոյութիւնը պատճառ եղած է, որ նահանջ արձանագրուի աշխատողներու թիւին մէջ: Սակայն սէրն ու գուրգուրանքը, գեղեցիկը գնահատելու հայու բնազդը միշտ մնացած են հայուհիին մէջ: ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը մեծ եղած է` հիմնելով…
ԱւելինԼԻԶԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆ-ԹԻՒՄՊԷՐԵԱՆ Աչքերը պէտք է գեղեցկութիւն ըմպեն, որպէսզի սնունդ տան հոգիին եւ յագեցնեն անոր ծարաւը: Որքան հաճելի եւ ուրախալի է տեսնել քու իսկ աշխատած ձեռագործդ` զայն աւարտելէ ետք, որքան հպարտութեամբ կը լեցուի հոգիդ տեսնելով քու կարած ու նաշխած կտորդ: Մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը հայ տունը զարդարուած կ՛ըլլար տանտիկնոջ կողմէ բանուած նուրբ ասեղնագործերով, երբ կը պատրաստէր օժիտը եւ անոնց դրած կ՛ըլլար իր ամբողջ երազները եւ…
ԱւելինՀամադրեց` ՅԱՍՄԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ Ա.- Պատմական Ասեղնագործութիւնը ժողովուրդի մը մշակութային ժառանգութեան ցայտող աղբիւրն է, որուն ճամբով կը պատմուի ժողովուրդի մը աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, առասպելներուն մասին, ինչպէս նաեւ հոն կը հաստատուի անոր տաղանդն ու հնարամտութիւնը: Ասեղնագործութիւնը կ՛ընդգրկէ տարբեր կարատեսակներ եւ ժանեակագործութիւն: Դժուար եղած է ծագումին ճշդումը, առարկային տարիքը, փոխհարստացումը, պատճառ`…
ԱւելինԱսեղնագործութեան արուեստը միշտ եղած է հայ կնոջ հետաքրքրութիւնը: Ցարդ ասեղնագործութիւնը կը պահպանուի Ձեռարուեստի կեդրոնի գոյութեամբ` կազմակերպելով ձեռագործի դասընթացքներ եւ ցուցահանդէսներ: Հայկական զանազան ասեղնագործութեան արդիականացումը կտորներու, նախշերու եւ գոյներու ընտրութիւնը, պատճառ հանդիսացաւ, որ երիտասարդ սերունդը մօտէն հետաքրքրուի, փափաքի սորվիլ եւ տան մէջ ունենալ այս գեղեցիկ, աւանդական ասեղներու ձեռագործներէն: Մեծ…
Աւելին«Ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար» նշանաբանէն մեկնած` 86 տարիներ շարունակ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը գործեց ի նպաստ իւրաքանչիւր հայորդիի եւ փորձեց հասնիլ անոր կարիքներուն: Ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջելու զուգահեռ, ԼՕԽ-ը փորձեց նաեւ տէրն ու պահապանը հանդիսանալ հայկական արժէքներուն, յատկապէս` ձեռագործներուն: Հայկական ասեղներու մեծարժէք ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը 1976-ին…
Աւելին«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…
ԱւելինՀայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռարուեստի պահպանումը հանդիսացած է ԼՕԽ-ի հիմնական առաքելութիւններէն մէկը, որ ցարդ կը շարունակուի շնորհիւ նուիրեալ եւ յաճախ վարագոյրի ետին գործող կիներու, որոնք տակաւին հայկական ձեռագործներուն արժէքին իսկապէս գիտակ են, այդ պատճառով ալ ամենայն բծախնդրութեամբ կը հիւսեն եւ զանոնք իբրեւ թանկագին նուէր ու աւանդ կը դնեն հայերուն եւ օտարներուն տրամադրութեան տակ, նաեւ այդ բոլորը կը կտակեն յառաջիկայ…
ԱւելինՖինանսաւորութեամբ՝ «MECC եւ Finn Church Aid » կազմակերպութեան, նախաձեռնութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ գործակցութեամբ՝ ձեռարուեստի յանձնախումբին, կազմակերպուեցան ձեռագործի դասընթացքներ, ԱՊԸԿ «Թնճուկեան »սրահէն ներս, մասնակցութեամբ աւելի քան 25 Լիբանանահայ տիկիններու: Ծրագիրը ընթացք առաւ 5 Մայիս 2015-ին եւ շարունակուեցաւ շաբաթական միօրեայ դրութեամբ մինչեւ 9 Յուլիս 2015: Դասընթացքները կը միտէին հայուհիները ինքնաբաւ…
ԱւելինԵրկուշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Պէյրութի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանն ու տիկին Ռանա Իրաքաթը եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դիւանին ,առողջապահական, նախազգուշական, դաստիարակչական, ձեռարուեստի եւ խոհանոցի…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, նախագահութեամբ Իզապէլ Տեքերմենճեանի, երէկ` հինգշաբթի, 27 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացում: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով հայերէնով եւ արաբերէնով խօսք առաւ Սօսէ Պօյաճեան, որ խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել…
ԱւելինՀայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռարուեստի պահպանումը հանդիսացած է ԼՕԽ-ի հիմնական առաքելութիւններէն մէկը, փոքր նախաձեռնութեամբ սկսած աշխատանքը այսօր բաւական ընդարձակուած եւ զարգացած է: Բայց այսօր արդեօք նոր սերունդը տակաւին հետաքրքրուա՞ծ է այս արուեստով, արդեօք այս արժէքներն ու անոր պահպանման հմտութիւնները նոր սերունդին փոխանցելու իմաստով անհրաժեշտ աշխատանք կը տարուի՞, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայկական…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, երէկ` ուրբաթ, 29 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժել Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի աւանդութիւններուն մաս կազմող եւ յատկանշական նախաձեռնութիւն հանդիսացող հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին բացումը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու…
ԱւելինԸնդառաջելով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առաջարկին` ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբը սիրայօժար մասնակցեցաւ «Մախզումի» հաստատութեան կազմակերպած տարեկան մեծ ցուցահանդէսին` «Ռամատանիյէթ Պէյրութիա» անուան տակ: Ռամատանի տօնին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 29, 30, 31 յուլիս եւ 1 օգոստոս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-12:00, «Պիէլ»-ի մեծ ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի: Սոյն…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ Ճէյն Այանեանի, երէկ` ուրբաթ` 30 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժէլ էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացումը: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Սօսէ Պոյաճեան խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, երէկ` երեքշաբթի, 12 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբի հայկական ասեղնագործութեան ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի արուեստից կեդրոնին: Ներկայ էր ընկերային հարցերու նախարարի ներկայացուցիչ Հաֆեզ Պու Լթէյֆ, Լիբանանի հայոց…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Ցօղիկ Մանճեանի, ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժել Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացումը: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սոնա Եափուճեան, որ անդրադարձաւ հայկական ձեռարուեստի պահպանման անհրաժեշտութեան` յատուկ կերպով լուսարձակի…
ԱւելինՎաղը` ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժէլ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպած եւ աւանդական դարձած հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսը: Այս առիթով կը ներկայացնենք հայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռագործներուն նուիրուած այս յօդուածը` անոնց իւրայատկութիւնները առաւել եւս լուսարձակի տակ առնելու համար: Հայկական…
Աւելին«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում մի հնար» միտքը եթէ կը վերաμերի Սարդարապատի կռուին, շատ լաւ կը յարմարի նաեւ ԼՕԽ-ի Աշխատանոցի ծննդոցին, որ տեղի ունեցաւ 1976ի Յունիսին, լիբանանեան նորաստեղծ ներքին պատերազմի ամենավատ օրերուն: Ռումμեր կը տեղան, իրար լսելու եւ տեղափոխուելու անկարելիութիւն, եւ ահա կը ծնի աշխատանոց մը հիմնելու գաղափարը: Տիրող քանդող կացութեան եւ նոր բան մը ստեղծելու գաղափարը, ըստ այդ օրերը ապրող մարդոց…
Աւելին






















