Ձեռագործի Դասընթացքներ (2015)

                 Ֆինանսաւորութեամբ՝ «MECC   եւ   Finn Church Aid » կազմակերպութեան, նախաձեռնութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ գործակցութեամբ՝           ձեռարուեստի յանձնախումբին, կազմակերպուեցան ձեռագործի դասընթացքներ, ԱՊԸԿ «Թնճուկեան »սրահէն ներս, մասնակցութեամբ աւելի քան 25 Լիբանանահայ տիկիններու:

         Ծրագիրը ընթացք առաւ 5 Մայիս 2015-ին եւ շարունակուեցաւ շաբաթական միօրեայ դրութեամբ մինչեւ 9 Յուլիս 2015:

         Դասընթացքները կը միտէին հայուհիները ինքնաբաւ դարձնել ու բարելաւել անոնց ընկերային պայմանները, եւ ինչու չէ գործի կարելիութիւններ ստեղծել անոնց :

          Ձեռարուեստի յանձնախումբի ընկերուհիներ նախօրօք պատրաստած էին, իւրաքանչիւր ձեռագործի յատուկ, տեսակաւոր պիտոյքներ եւ հիանալի համբերութեամբ փոխանցեցին «Սվազ »-ի «Մարաշ»-ի ձեռագործներու արուեստային գաղտնիքները ինչպէս նաեւ կարի զանազան գիտելիքներ:

           Դասընթացքներու աւարտին ոմանք իսկապէս տիրապետեցին ձեռագործ բանելու արուեստին եւ իրենց հիւսած ձեռագործներով պատրաստեցին՝ որմազդներ, ապսէներ, ասեղնակալներ ու խոհանոցի զարդարանքներ, եւ փափաք յայտնեցին մաս կազմելու ձեռարուեստի արուեստանոցին:

             Ձեռագործի սեմինարներու ընթացքին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԿ-ի «Թնճուկեան» սրահը վերածուած էր արուեստանոցի , 25 հայուհիներ մեծ փափաքով եւ հաճոյքով հետեւեցան իրենց տրամադրուած դասապահերուն, փոխադարձաբար գաղափարներ փոխանակեցին ստեղծելով սերտ համագործակցութիւն եւ յատուկ թերթիկներով փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները ու արժանաւորապէս ստացան համապատասխան վկայագրեր:

             Այս ծրագիրը հայուհիին էութիւնը կազմաւորելու կողքին նաեւ սատար հանդիսացաւ մեր Հայ մշակութային արժէքներուն փոխանցման ու գոյատեւման: