30 Ամեակ

«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում մի հնար» միտքը եթէ կը վերաμերի Սարդարապատի կռուին, շատ լաւ կը յարմարի նաեւ ԼՕԽ-ի Աշխատանոցի ծննդոցին, որ տեղի ունեցաւ 1976ի Յունիսին, լիբանանեան նորաստեղծ ներքին պատերազմի ամենավատ օրերուն:

Ռումμեր կը տեղան, իրար լսելու եւ տեղափոխուելու անկարելիութիւն, եւ ահա կը ծնի աշխատանոց մը հիմնելու գաղափարը: Տիրող քանդող կացութեան եւ նոր բան մը ստեղծելու գաղափարը, ըստ այդ օրերը ապրող մարդոց միայն խենթերու գործ էր:

Ընդունուած ասացուածք է որ պայմաններն են որ կը ստեղծեն հերոսներ. նոյն մտքի հետեւողութեամբ, կարելի է ըսել որ 1975ին սկսած լիμանանեան քաղաքացիական պատերազմը պատճառ դարձաւ որ ծնի Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Աշխատանոցը, որ յետագային, նոր զարգացումով մը ունեցաւ նաեւ Ձեռարուեստի կեդրոնը, եւ իր ինքնատիպ ու օրուայ կացութեան համեմատած, աներեւակայելի ստեղծումով, երեսնամեայ գործունէութեամբ դարձաւ մնայուն եւ հաստատակամ ձեռնարկ մը: