Փոխանցենք Աւանդը

ԺԱԳԼԻՆ ԹԵՐԶԵԱՆ

Ասեղնագործութիւնը հայ կնոջ հպարտանալու միջոցներէն մէկը եղած է դարերէ ի վեր: Այդ արուեստով իր հոգեկան ապրումները իր յոյզերն ու յոյսերը արտայայտած է: Ցաւ ի սիրտ, կեանքի հեւքը ապրուստի ապահովման վազքը, ժամանակի չգոյութիւնը պատճառ եղած է, որ նահանջ արձանագրուի աշխատողներու թիւին մէջ: Սակայն սէրն ու գուրգուրանքը, գեղեցիկը գնահատելու հայու բնազդը միշտ մնացած են հայուհիին մէջ:

ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը մեծ եղած է` հիմնելով Հայկական ձեռագործներու կեդրոնը: Այսպէսով ԼՕԽ-ը իր մեծ ներդրումը ունեցած է հայկական ձեռագործներու արուեստը ծանօթացնելու նորահաս սերունդին եւ ինչու չէ նաեւ օտարներուն: Մենք ալ, մեր կարգին, ձեռագործ մը նուիրելով բարեկամներու այս կամ այն առիթներով, գնահատած կ՛ըլլանք ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը եւ նպաստած կ՛ըլլանք ԼՕԽ-ի նպատակին:

Երիտասարդ սերունդը գուրգուրանք եւ գնահատանք ունի հայկական ձեռագործին նկատմամբ, բայց ժամանակի չգոյութեան պատճառով հեռու կը մնայ այդ արուեստէն:

Դպրոցներուն մէջ ԼՕԽ-ականներու օգնութեամբ, պէտք է մասնաւոր դասապահ յատկացնելով գոնէ իւրաքանչիւր գաւառի ձեռագործի տեսակին պատմականը տալով եւ սորվեցնելով, գոյներու եւ ասեղներու խաղերուն ծանօթացնելով, այսպիսով  բաւական մեծ ներդրում ունեցած կ՛ըլլանք, նոր սերունդի հայապահպանման գործընթացին մէջ: