Աղթամար — Լուրեր

ԼՕԽ-ի "Աղթամար" մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած "Քարաօքէ" երեկոն

ԼՕԽ-ի "Աղթամար" մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած "Քարաօքէ" երեկոն տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Ազատիկ Տաղլեանի։ Ձեռնարկի Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Լոռի Կէօքճեան։ Ներկաները, յանձնախումբի ընկերուհիներու ճարտար ձեռքերով պատրաստուած ճոխ սեղաններու շուրջ, իրենց առօրեայ մտահոգութիւնները մոռնալով, անցուցին…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ Համբարձման Տօնին Առիթով

Մայիս ամիսը հարուստ է տօներով՝ Մայրերու տօն, Յաղթանակի եւ Ազատութեան տօն, Ջան կիւլիմի-Համբարձման տօն: Հայը եղած է աւանդապաշտ, բնապաշտ ու գեղապաշտ ժողովուրդ, սիրահար տօներու եւ տօնախմբութիւններու, որոնք մեզի հասած են հեթանոս դարերէն, Վահագնէն, Անահիտէն, բագիններէն եւ մեհեաններէն: Այսօր կ'ապրինք 21-րդ դարու մէջ, սակայն անտեսած չենք եւ մոռացութեան փոշիներուն տակ թաղած չենք մեր հնաւանդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները: ԼՕԽ-ի…

Աւելին
Տարեցներու Զատկուան Ձեռնարկ

Գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին, ճաշարան «Արեւ»ի տնօրէնութիւնը, այս տարի եւս, մեր Փրկչի Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին եւ իրենց մօրենական մեծ հօր անուանակոչութեան առիթով, ճաշի հրաւիրեց Այնճարի տարեցները, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2018 -ին, ճաշարանի «Պայծառ» սրահին մէջ (անուանումը ի յիշատակ ճաշարանատէրերուն մեծ մօր): Յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ընկհ…

Աւելին
Կանանց Միջազգային Օրուան Նշում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան դաստիարակչական յանձնախունբին, Այնճարի մէջ նշուեցաւ «Կանանց Միջազգային Օր»ը, Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան՝ «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Ժագ Տաղլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան, Տէր…

Աւելին
«Կանաչ Տունը Եւ Հայոց Գարունը»

Գարնանամուտի նախօրեակին, տան բոյսերու պահպանման համար, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կարեւոր նկատեց կազմակերպել հանդիպում մը, ուր արժէր շեշտել ճիշդ խնամքի ձեւերը տնային, թէ′ արտատնային բոյսերուն: Առ այդ, հրաւիրեց երկրագործութեան ճարտարագէտ՝ պրն. Կարէն Եօսուլքանեանը ցուցմունքներ եւ գիտելիքներ փոխանցելու: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ 27 Փետրուար 2018-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահէն ներս: Բացման խօսքով…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, տեղի ունեցան երկու յաջորդական դասախօսութիւններ, մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ: Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, դարմանատան բժիշկներէն տոքթ. Համզէ Մազլումի կողմէ, որ խօսեցաւVitamin D-ի կարեւորութեան մասին, յատկապէս 35 տարիքը անց կանանց մօտ: Երկրորդ դասախօսութիւնը՝ Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2018-ին, նորաւարտ սննդագէտ…

Աւելին
Բժիշկներու Կաղանդ

Կա՞յ արդեօք այնքան հաճելի պահ, երբ մարդ արարածը դուրս կու գայ իր առօրեայէն ու միօրինակութենէն: Ահաւասիկ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու դարմանատան յանձնախումբը, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, ստեղծեցին այդ ուրախ պահը, ընթրիքի հրաւիրելով դարմանատան մէջ կամաւորաբար ծառաող բժիշկներն ու իրենց ընտանիքները: Արդ, «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահին պարզած կաղանդի մթնոլոտն ու ընկերուհիներուն կողմէ…

Աւելին
Տարեցներու Ամանորեայ Հաւաքոյթ

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այնճարի տարեցները, մէկը կաղալով, միւսը անթացուպով փութացին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին կազմակերպած «Ամանորեայ Հաւաքոյթ»ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, բարերարութեամբ՝ Վրէժ եւ Տիգրան Գարաքէշիշեան եղբայրներուն, իրենց նորոգ հանգուցեալ մօր՝ Մարի Գարաքէշիշեանի յիշատակին: Տարեցներու կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւները…

Աւելին
Նոր Տարուան Ձեռնարկ

Այնճար հայաւանին մէջ արդէն կը տիրէ կաղանդի մթնոլորտ, մայր հրապարակի տօնական զարդարանքներով: Ուստի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը չէր կրնար Նոր Տարուան և Ս. Ծննդեան տօնախմբութենէն անմասն ձգել Այնճարի տիկիններն ու օրիորդները: Արդ, Ուրբաթ 15 Դեկտեմբեր 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, ճաշարան «Նապաա Այնճար»ի մէջ հաւաքուեցան ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհին, շրջանի…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղ

Լ.Օ.Խ. ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, կազմակերպեց առողջապահական նիւթերով դասախօսութիւններ: Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Սեպտեմբեր 2017 -ի առաւօտեան ժամը 11:00 ին, կեդրոնին մէջ: Յանձնախումբին անունով ընկհ. Սիլվա Գըլըճեան ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ նորաւարտ տոքթ. Սեդրակ Մելքոն Գույումճեանը: Տոքթ. Գույումճեան բացատրութիւններ տուաւ ամրան եղանակին պատահող զգայնոտութիւններու և անոնց հետ կապուած…

Աւելին
Ոսկի Աշուն

Ոսկին աշնան գոյնը չէ միայն. այլ աշնան լոյսը, բարիքները, առատութիւնն ու մանաւանդ տքնաջան աշխատանքի բարի ժպիտը: Արդ, Երեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2017-ին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս կը տիրէր բարձրաճաշակ, գունագեղ, գեղեցիկ ու հաճելի մթնոլորտ մը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը, յատուկ ձեռնարկով մը կու գար տօնելու «Ոսկի Աշուն»ը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկհ. Անի Տիւքէնճեան: Ան հրաւիրեց տիկ. Ազատիկ…

Աւելին
Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի Տոհմիկ Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2017-ին, տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի տօնակատարութիւններէն՝ «Տոհմիկ Երեկոյ»ն: Ձեռնարկին ներկայ էին Զբօսաշրջութեան նախարար՝ Աւետիս Կիտանեան, «جمعية انماء عنجر» -ի տնօրէն՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, գիւղի հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային…

Աւելին
Համբարձում

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի (Այնճար) ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած ձեռնարկը, որ կը զուգադիպէր Համբարձման տօնին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, Ճաշարան «Արեւ»ի մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեանի, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Յասմիկ Ապուհանեան: Ան, կարեւորութեամբ նշեց, որ հարկ է հայ մշակոյթի պահպահման նպաստող ձեռնարկներ…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Ճնշուածութիւն» նիւթով

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, գործակցաբար ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, կազմակերպեց «Ճնշուածութիւն» նիւթով դասախօսութիւն մը, եւ որպէս դասախօս հրաւիրեց յանձնախումբի անդամներէն՝ դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան Քուիքին, LAU համալսարանի հիւանդապահութեան բաժնի տնօրէն: Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ին, մասնաճիւղիս «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու և…

Աւելին
Ոսկրափտումի Արշաւ

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, Ապրիլ ամսուան ընթացքին, կազմակերպեց ոսկրափտումի քննութեան արշաւ մը, գործակցելով՝ Շթորայի H.D.C կեդրոնին հետ: Արշաւին մասնակցեցան շուրջ 100 տիկիններ: Հինգշաբթի, 18 Մայիս 2017-ին, մասնակցողները ստացան քննութեան արդիւնքները, իսկ դարմանատան մէջ ծառայող տոքթ. Համզի Մազլում, փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ոսկրափտումի մասին, անդրադարձաւ կանխարգիլման միջոցներուն, շեշտը դնելով…

Աւելին
Այցելութիւն Լիբանանի Տեսարժան Վայրեր

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը, իր տարեկան ծրագրին մէջ միշտ տեղ տուած է բարեսիրական հաստատութեան մը այցելութեան: Արդ, միամեայ գործունէութեան աւարտին, Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2017 ին, մասնաճիւղի վարչութիւնն ու յանձնախումբերու ընկերուհիները ճամբայ ելան դէպի Ազունիէի Ազգ. Բուժարանը: Անոնք այցելեցին բոլոր հիւանդներուն, ապա կարճ հանդիպում մը ունեցան վաստակաշատ ԼՕԽ-ական՝ ընկհ. Շաքէ Եագուպեանին հետ: Ընկհ. Եագուպեան վճռակամօրէն…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Հայ կնոջ ներկայի մարտահրաւէրները» նիւթով

Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ «Հայ կնոջ ներկայի մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ: Բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Քնար Գամպէրեան, ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը: Ան նախ տուաւ հայ կնոջ պատմականը, որ դարեր շարունակ պայքարած է ընտանիքը պահպանելու և հայ ազգի…

Աւելին
Տարեցներու Ձեռնարկ

Այնճարի տարեցները Ս. Զատկուան ճաշկերոյթը վայելեցին ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան հրաւէրով, Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2017-ի կէսօրին: Տէր Միւռոն քահանայ Աւետիսեանի օրհնութեան աղօթքով և Այնճարի հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կողմէ ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ: Ապա ընկերային յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ. Ծաղիկ Հերկելեան, շնորհաւորեց ներկաներուն Զատիկը և բարի գալուստի, բարի վայելումի և առողջութեան…

Աւելին
Քարաօքէ Երեկոյ

Հաւատալով, թէ հայ երգն ու երաժշտութիւնը կ'ապրին միայն ու միայն հայու շրթներուն վրայ ու հայկական ոգիին մէջ, Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց «քարաօքէ» երեկոյ մը, Ուրբաթ, 8 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Brothers Coffee» ճաշարանին մէջ: Չորս ժամերու ընթացքին, ներկաները հնչեցուցին իրենց պատանեկութեան ու երիտասարդութեան յուշերով լեցուն, գուսանական և ժողովրդային երգեր. գովերգեցին…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Կանացի Հիւանդութիւններու Կանխարգիլում»

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը կազմակերպեց իր առողջապահական դասախօսական շարքին երկրորդը, որ տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ, 17 մարտ 2017-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս: Յանձնախումբին անունով, ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկհ. Սոնա Տուզմանեանը: Ան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ գիւղի զաւակները իրենց գիտելիքները սիրայօժար կը բաժնեկցին բոլորին հետ: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօս՝ հիւանդապահուհի Զարիկ Օհաննէսեանը: «կանացի…

Աւելին
Մտերմիկ Հաւաք

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով, Հինգշաբթի, 9 Մարտ 2017-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաք մը: Վաստակաւոր ընկերուհիներ մէկտեղուած էին, անցեալի գործունէութեամբ յիշելու եւ իրար հետ բաժնելու հին օրերու անոյշ յիշատակները: Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան: Ան յիշեցուց, որ այս վերանորոգուած սրահը բոլորին լումաներով, Մուսա Լեռցի մօտիկ եւ հեռաւոր…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Միզային Համակարգի Հիւանդութիւններ» Նիւթով

Այնճարի Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը ունեցաւ իր երկրորդ դասախօսութիւնը, Ուրբաթ, 10 Մարտ 2017-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ.ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս: Բացման խօսքով՝ ընկհ. Կարինէ Թէրզեան, ներկայացուց դասախօսուհին, Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքի երիցուհի՝ Նանոր Գլնճեան Ագպաշարեանը, ապա հրաւիրեց զայն ներկայացնելու «Միզային Համակարգի Հիւանդութիններ» նիւթով դասախօսութիւնը: Հիւանդապահուհին…

Աւելին
Կանանց Միջազգային Օր

Կանանց միջազգային օրուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» (Այնճար) մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց հանդիսութիւն մը: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան, որ առիթը պատեհ նկատեց մատնանշելու, թէ գարնան ժամանումով, կանանց մեծարանքը, ուսուցիչներու յարմար գնահատականը եւ Մեծ Պահոց խորհուրդը կը միտին յաւելեալ արժեւորումի առիթ ստեղծել: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր…

Աւելին
Տարեցներու Ծննդեան Ճաշկերոյթ

4 Յունուար 2017-ին, Այնճարի տարեցները հրաւիրուած էին Ճաշարան «Արեւ» միասնաբար տօնելու Ս. Ծնունդը: Ս. Ծնունդի հաւաքոյթին բարերարութիւնը ստանձնած էին Ամերիկաբնակ Տէր և Տիկին Րաֆֆի և Հերա Մախուլեաններ, իրենց բալիկներուն՝ Յակոբի և Հայկի հետ, առ ի երախտագիտութիւն՝ իրենց ծննդավայր Այնճարին, ուր անցուցած էին իրենց մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը: Հաւաքոյթին՝ զիրենք կը ներկայացնէր տիկ. Քնար Շխըրտըմեան-Գամպէրեան: Ձեռնարկին բացման…

Աւելին