Քարաօքէ Երեկոյ

     Հաւատալով, թէ հայ երգն ու երաժշտութիւնը կ'ապրին միայն ու միայն հայու շրթներուն վրայ ու հայկական ոգիին  մէջ, Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց «քարաօքէ» երեկոյ մը, Ուրբաթ, 8 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Brothers Coffee» ճաշարանին մէջ:

     Չորս ժամերու ընթացքին, ներկաները հնչեցուցին իրենց պատանեկութեան  ու երիտասարդութեան յուշերով լեցուն, գուսանական և ժողովրդային երգեր. գովերգեցին Երեւանի սիրուն աղջիկը, հայու աչքերը, հայոց քաջերն ու նահատակները, ապա Հայաստանն ու Արցախը:

     Ձեռնարկին սեղանապետ-հանդիսավար՝ ընկհ. Լենա Սթամպուլեան, անդրադարձաւ օրուան առիթին, որ կը զուգադիպէր մայրութեան օրուան: Ան բացատրեց նաեւ «քարաօքէ» բառին իմաստը, որ կու գայ Ճափոներէնէն, կազմուած երկու բառերէ՝ «քարա», որ կը նշանակէ  պարապ եւ «օքէ»՝ նուագախումբ:

     Խանդավառ մթնոլորտը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցողութեան կողքին պարեցին գաւառական պարեր և միասնութեան շուրջպարը: