Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Աղթամար Մասնաճիւղ

Վանայ լիճին հարաւ – արեւելքը կը գտնուի «Աղթամար» կղզին: Ան բնակելի եղած է հին ժամանակներուն: Ըստ Մովսէս Խորենացիի վկայութեան ան եղած է Ռշտունի նախարարներուն ամրոցը:

Կղզին նշանաւոր է իր երկու յուշարձան-կոթողներով, Գագիկ Արծրունի պալատը եւ Ս. Խաչ եկեղեցին: Պալատը դարերու ընթացքին անհետացած է այժմ կանգուն է միայն եւ Ս. Խաչ եկեղեցին (10րդ դարուն կառուցուած), որ հայկական ճարտարապետութեան գոհարներէն մէկն է: Ս. Խաչ եկեղեցին հարուստ է կենդանական քանդակներով եւ որմնանկարներով: Անոր պատերուն վրայ Ադամի եւ Եւայի ամբողջ պատմութիւնն է: Հազարամեայ տաճարը մեզի հասած է առանց վերափոխումներու:

Աղթամար անունը յառաջ եկած է Ա՜Խ Թամար արտայայտութենէն: Ըստ Ռ. Զարդարեանի «Ծովակին Հարսը» հէքեաթին եւ Յ. Թումանեանի «Աղթամար» քերթուածին, աւանդութենէն:

Մասնաճիւղը Հիմնուած է 1942 –ին Այնճար հայաւանին մէջ: Առաջին վարչական ընկերուհիներն են ՝ Արաքսի Պօյաճեան, Արաքսի Շէրպէթճեան, Եւա Մինասեան, Մարի Գըրըգեան, Ռեբեկա Գուճանեան, Սիմա Թասլաքեան, Էլմաստ Շէմմէսեան, Հայկուհի Մալգճեան, Մանիշակ Գալուստեան, Խաթուն Ուրֆալեան, եւ Սառա Քէրքէզեան :Ան ունի իր դարմանատունը , հիմնուած 1942 –ին :

Կը գործէ Այնճարի ”Յ. եւ Վ .Ֆիլհաննէսեան” կեդրոնին մէջ, Հ.Յ.Դ ”Կարմիր Լեռ” Կոմիտէի հովանիին տակ :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

ԼՕԽ-ի "Աղթամար" մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած "Քարաօքէ" երեկոն

ԼՕԽ-ի "Աղթամար" մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած "Քարաօքէ" երեկոն տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Ազատիկ Տաղլեանի։ Ձեռնարկի Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Լոռի Կէօքճեան։ Ներկաները, յանձնախումբի ընկերուհիներու ճարտար ձեռքերով պատրաստուած ճոխ սեղաններու շուրջ, իրենց առօրեայ մտահոգութիւնները մոռնալով, անցուցին…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ Համբարձման Տօնին Առիթով

Մայիս ամիսը հարուստ է տօներով՝ Մայրերու տօն, Յաղթանակի եւ Ազատութեան տօն, Ջան կիւլիմի-Համբարձման տօն: Հայը եղած է աւանդապաշտ, բնապաշտ ու գեղապաշտ ժողովուրդ, սիրահար տօներու եւ տօնախմբութիւններու, որոնք մեզի հասած են հեթանոս դարերէն, Վահագնէն, Անահիտէն, բագիններէն եւ մեհեաններէն: Այսօր կ'ապրինք 21-րդ դարու մէջ, սակայն անտեսած չենք եւ մոռացութեան փոշիներուն տակ թաղած չենք մեր հնաւանդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները: ԼՕԽ-ի…

Աւելին
Տարեցներու Զատկուան Ձեռնարկ

Գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին, ճաշարան «Արեւ»ի տնօրէնութիւնը, այս տարի եւս, մեր Փրկչի Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին եւ իրենց մօրենական մեծ հօր անուանակոչութեան առիթով, ճաշի հրաւիրեց Այնճարի տարեցները, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2018 -ին, ճաշարանի «Պայծառ» սրահին մէջ (անուանումը ի յիշատակ ճաշարանատէրերուն մեծ մօր): Յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ընկհ…

Աւելին
Կանանց Միջազգային Օրուան Նշում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան դաստիարակչական յանձնախունբին, Այնճարի մէջ նշուեցաւ «Կանանց Միջազգային Օր»ը, Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան՝ «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Ժագ Տաղլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան, Տէր…

Աւելին
«Կանաչ Տունը Եւ Հայոց Գարունը»

Գարնանամուտի նախօրեակին, տան բոյսերու պահպանման համար, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կարեւոր նկատեց կազմակերպել հանդիպում մը, ուր արժէր շեշտել ճիշդ խնամքի ձեւերը տնային, թէ′ արտատնային բոյսերուն: Առ այդ, հրաւիրեց երկրագործութեան ճարտարագէտ՝ պրն. Կարէն Եօսուլքանեանը ցուցմունքներ եւ գիտելիքներ փոխանցելու: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ 27 Փետրուար 2018-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահէն ներս: Բացման խօսքով…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, տեղի ունեցան երկու յաջորդական դասախօսութիւններ, մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ: Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, դարմանատան բժիշկներէն տոքթ. Համզէ Մազլումի կողմէ, որ խօսեցաւVitamin D-ի կարեւորութեան մասին, յատկապէս 35 տարիքը անց կանանց մօտ: Երկրորդ դասախօսութիւնը՝ Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2018-ին, նորաւարտ սննդագէտ…

Աւելին
Բոլոր լուրերը