Մայիս ամիսը հարուստ է տօներով՝ Մայրերու տօն, Յաղթանակի եւ Ազատութեան տօն, Ջան կիւլիմի-Համբարձման տօն:
Հայը եղած է աւանդապաշտ, բնապաշտ ու գեղապաշտ ժողովուրդ, սիրահար տօներու եւ տօնախմբութիւններու, որոնք մեզի հասած են հեթանոս դարերէն, Վահագնէն, Անահիտէն, բագիններէն եւ մեհեաններէն:
Այսօր կ'ապրինք 21-րդ դարու մէջ, սակայն անտեսած չենք եւ մոռացութեան փոշիներուն տակ թաղած չենք մեր հնաւանդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները:
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղը այս տարի եւս ոգեկոչեց Ջան Կիւլիւմի տօնը Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ին, ճաշարան «Ռազմիկ»ի մէջ, հետեւելով իր նախնիներուն օրինակին բախտ եւ ուրախութիւն բաշխելով բոլորին, պահելով օրուան դիմագիծը:
Օրուան հանդիսավար-պատգամախօս տիկին Մանուշակ Շաննագեան, հանգամանօրէն անդրադարձաւ Համբարձման տօնին քրիտոնէական եւ ազգային իմաստին եւ սովորութիւններուն մասին:
Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան, Գիւղի տիկնանց կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ մեծ թիւով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ:
Հեռուէն կը լսուէր «Անուշ Օփերայ»ի մեղեդիներն ու երգերը, մթնոլորտը դարձնելով տօնական եւ մեզ փոխադրելով հայրենի աշխարհ, ուր խումբ-խումբ հարսներ ու աղջիկներ գոյնզգոյն հագուստներով, առաջին անգամ ըլլալով դուրս կու գային հանդերը, վայելելու բնութիւնը, ուր իրենց բախտը պիտի գուշակուէր այսօր:
Համբարձումը գալիս է
Ծաղիկը ցնծալիս է
Այ վիճակ երգող աղջիկ
Ձէնդ ծըլվըլալիս է:
Սարէն ըլլայ թէ′ դաշտէն կը հաւաքէին 7 տեսակ ծաղիկ, 7 աղբիւրէ ջուր եւ կը կազմէին եօթներանգ փունջեր, արդէն պատրաստ էր կճուճը:
«Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիները քաղեցին, փնջեցին, պատրաստեցին վիճակի կճուճը, ներկայացան հաւաքոյթին՝ երէցին, տարեցին ու պարմանուհիներուն բախտը գուշակելու:
Ընկերուհի Վիքթորիա երգելով եւ պարմանուհի մը գլուխը ծածկուած, ձեռքին վիճակի կճուճը մուտք գործեցին սրահ, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ մթնոլորտը դարձուց տօնական: Կճուճէն հանուած իւրաքանչիւր նշանաքարին հետ, բախտագուշակը կարդաց բախտ մը:
Տիկինները խանդավառ էին, շուրջպարերը իրար յաջորդեցին, հայկական ու ազգային պահ մը պարգեւելով բոլորին:
Ընկերուհիները մոռցած չէին կաթնապուրը: Համբարձման օրը հայրենի դաշտերուն վրայ, հայ կինը կ'եփէր ու կը բաժնէր կաթնապուր, բաժին հանելով նոյնիսկ արտերուն, իր կենդանիներուն կաթը առատանալու յոյսով ու հաւատքով: ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած կաթնապուրը բաժնուեցաւ ներկաներուն, վառ պահելով նոյն օրուան աւանդութիւնն ու սովորութիւնը:
Համբարձումը կաթնապուրի տօն է:
Հաւաքոյթի աւարտին եղան նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ դարմանատան յանձնախումբին կողմէ վաճառուած տոմսերու վիճակաձգութիւնը, որուն հասոյթով դարմանատունը պիտի օժտուի թթուածինի սարքով մը: Բախտաւորուեցան երկու անձեր:
Գիւղի քաղաքապետութեան կողմէ իւրաքանչիւր ներկային տրամադրուած էր յատուկ նուէր մը, իսկ ոմն՝ արմաւով լեցուն պնակներ:
Աւարտին կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն: Ներակաները գոհունակ սրտով մեկնեցան քաջ գիտնալով, որ հայ մայրն է ազգին գոյատեւման եւ պահպանման միակ ազդակը, ամուր կառչելով ազգային աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն:
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին յաջողցնելու ձեռնարկը:




