«Կանաչ Տունը Եւ Հայոց Գարունը»

Գարնանամուտի նախօրեակին, տան բոյսերու պահպանման համար, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կարեւոր նկատեց կազմակերպել հանդիպում մը, ուր արժէր շեշտել ճիշդ խնամքի ձեւերը տնային, թէ′ արտատնային բոյսերուն:

Առ այդ, հրաւիրեց երկրագործութեան ճարտարագէտ՝ պրն. Կարէն Եօսուլքանեանը ցուցմունքներ եւ գիտելիքներ փոխանցելու: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ 27 Փետրուար 2018-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահէն ներս:

Բացման խօսքով, ընկհ. Վիքթորիա Հերկելեան հրաւիրեց դասախօսը, որ սահիկներու օգնութեամբ ներկայացուց «Կանաչ Տունը Եւ Հայոց Գարունը» թեման: Ընտանիքին կնոջ վրայ պարտականութիւն կը դրուէր տունը կանաչ պահելու, որպէսզի կեանքը մաքուր օդով եւ առողջ միջավայրով ընթանայ, սակայն այդ բոյսերուն պէտք էր ապահովել լոյս, ջուր, պարարտ հող եւ առողջ տերեւներ: Դասախօսը թուեց բոյսերը սրսկելու տնային միջոցներ (ձէթ, քացախ...): Ան ըսաւ, որ թաղար փոխելու գործընթացը պէտք է կատարուի Փետրուարին կամ Մարտին: Բոյսերու օգտակարութեան մասին՝ թէ անոնք օդը կը մաքրեն, հիւանդութեանց առիթները կը նուազեցնեն, տրամադրութիւն կը բարձրացնեն, կեդրոնացումն ու յիշողութիւնը կը զարգացնեն, եւ հիւանդանոցներուն մէջ ապաքինումը կ'արագացնեն:

Անդրադառնալով հայկական դրօշին, ան ներկայացուց՝

Նուռը՝ կարմիր

Թութը- խաղողը՝ կապոյտ

Ծիրանը՝ նարնջագոյն

Անցնելով բուսական օրացոյցի թեմային՝

Նոյեմբեր.- հող մաքրել, պարարտացուցիչ տալ, սոխածաղիկը ցանել:

Փետրուար.-յօտել, թաղար փոխել, սրսկել:

Մայիս.- ցանել (ամառնային ցանք), տնային բոյսերուն պարարտացուցիչ տալ:

Յուլիս.- քաղել, պատրաստել աշնան ցանք:

Օգոստոս.- (Նաւասարդ՝ հայկական նոր տարի) քաղել աշխատանքի արդիւնքը եւ նոր տարիով կեանքը շարունակել:

Սեպտեմբեր.- վերջացնել եւ պահեստ դնել:

Պրն. Կարէն անդրադարձաւ հայոց գարնան, որ կը զուգադիպի Տիառընդառաջին՝ 14 Փետրուարին, երբ կրակը կը վառեն, որմէ կը ծնի Վահագնը: Հոս ձմեռը կ'աւարտի եւ գարնան առաջին օրը կը նշուի:

Սահիկներու օգտագործումով, հետաքրքրական ընթացքով՝ ներկաները հետեւեցան, վստահ ըլլալով, որ բան մը աւելցուցին իրենց գիտելիքներուն վրայ:

Դասախօսը իրարու շաղկապեց հայկականը, բուսականը եւ կրօնականը, ստեղծելով օգտակար կեանքի մը պատկերը: