Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով, Հինգշաբթի, 9 Մարտ 2017-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաք մը: Վաստակաւոր ընկերուհիներ մէկտեղուած էին, անցեալի գործունէութեամբ յիշելու եւ իրար հետ բաժնելու հին օրերու անոյշ յիշատակները:
Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան: Ան յիշեցուց, որ այս վերանորոգուած սրահը բոլորին լումաներով, Մուսա Լեռցի մօտիկ եւ հեռաւոր հայրենակիցներու ներդրումով եւ զօրակցութեամբ կառուցուեցաւ:
Ձեռնարկը յաւելեալ փայլք ստացաւ Հայր Վարուժան Արք. Հերկելեանի, Առաքինազարդ քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեանի, Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներ՝ Ցօղիկ Հաւաթեանի ու Մարօ Թազեանի եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ռիթա Քիւսպէքեանի ներկայութեամբ:
Սրտի խօսքեր արտասանեցին Սրբազան Հայրը, Առաքինազարդ Քոյրը եւ ընկհ. Մարալ Մխճեանը, որոնք շեշտը դրին, աւելի քան յիսուն տարի իրենց ժամանակը անսակարկօրէն նուիրած խաչուհիներու անվարան գործունէութեան վրայ: Անոնք առողջութիւն մաղթեցին երէց ընկերուհիներուն եւ հրաւիրեցին զիրենք զօրավիգ ըլլալու նոր սերունդին:
Պրն. Գօգօ Պալապանեանի կատարումներու մեղեդիներու ունկնդրութեամբ, ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ:
Քսանհինգ երէց ընկերուհիներ ստացան այս առիթով վարչութեան պատրաստած յուշանուէրները եւ զուարթ դէմքերով մեկնեցան սրահէն, ուր անցեալի իրենց յուշերը փոխանակած էին իրարու:







