Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ-ի Շրջ. Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Աղթամար մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին Ամանորի հաւաքոյթը ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, 17 Դեկտեմբեր 2016- ին ճաշարան Արեւի մէջ։ Ձեռնարկին բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի ՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան, որ ուրախութեամբ ողջոյնի խօսք ուղղեց Լ.Օ.Խ-ի աշխատանքներուն հաւատացող համակիր տիկիններուն: Գնահատեց մասնաճիւղին գործունէութեան հանդէպ ժողովուրդին համարումը եւ…
ԱւելինՈւրբաթ,16 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնը ժամադրավայրը դարձած էր դարմանատան մէջ ծառայող կամաւոր բժիշկներուն: Կեդրոն ժամանեցին տարբեր մասնագիտութեան տէր բժիշկները (թիւով 12) իրենց ընտանիքներուն հետ: Կեդրոնի բժիշկներուն համար կազմակերպուած աւանդական այս հաւաքոյթը, վարչութիւններուն համար եղած է երախտագիտութեան նուազագոյն արտայայտութիւնը անոնց՝ մեր ժողովուրդին…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ՝ Այնճարի Քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական ուտեստեղէններու եւ տոհմիկ աւանդութիւններու տարեկան ցուցահանդէս-վաճառքը: Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, Առաքինազարդ Քոյրը, պատկան մարմիններու…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, Ուրբաթ 18 Նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Քանափէներու» և Թացաններու պատրաստութեան միօրեայ դասընթացք մը, որ ներկայացուեցաւ ընկերուհի Փառանձեմ Քէլեանի կողմէ: Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան և դաստիարակչական յանձնախումբին անունով, բարի գալուստի խօսք մաղթեց ներկաներուն՝ ընկերուհի Ռիթա…
ԱւելինՈւրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին , «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահը ողողուած էր Այնճարի տարեցներով, որոնք ընդառաջած էին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի հրաւէրին: Ճաշկերոյթը սարքուած էր բարերարութեամբ` Տէր և Տիկին Սեդրակ Բաբիսեան ամոլին, ներկայութեամբ՝ Այնճարի հոգեւոր հայրերուն, Առաքինազարդ քրոջ, Տէր և Տիկին Պատուելի Ագպաշարեաններուն և շուրջ 100 ներկաներու: Բացման…
ԱւելինՈւրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ նշուեցաւ «Ոսկի Աշուն»ը ձեռնարկը: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ընկերուհիներէն՝ Վիքթորիա Հերկելեանը: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց ծանօթ խոհարարուհի՝ ընկերուհի Մարօ Չէօրէքճեանը, որու ցուցմունքներով՝ ձմրան դդումով (ղափամա) պատրաստուեցան…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, աջակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ գիւղի երկսեռ տարեցներուն, երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ լեռնարշաւ մը դէպի Այնճարի հանդիպակաց պուրակը: Մինչեւ որոշ տեղ՝ տարեցներուն վերելքը դիւրացնելու նպատակով, օգտագործուեցան ինքնաշարժներ: Բնապահպանման կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ նախաճաշի հիւրասիրութիւն…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը, իր տարեկան գործունէութիւնը սկսաւ «Ծանօթացման Հանդիպում»ով մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ, ուր շրջանի ԼՕԽ-ական ընկերուհիները հրաւիրուած էին ծանօթանալու նորընտիր վարչութեան: Ձեռնարկը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, ապա մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան բացուած յայտարարեց հանդիպումը: Ան բարի գալուստի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «երեքէն տասը տարեկան մանուկներու առողջ սննդականոնի ձեւերը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Տոքթ. Ռեմոն Նահհաս (մանկաբոյժ): Ան շեշտը դրաւ մայրական կաթի կարեւորութեան եւ բնական սնունդով աճելու հոլովոյթին վրայ: Ներկաներուն՝ դասխօսութեան նիւթին առնչուող…
ԱւելինՄուսա Լերան հերոսամարտի 101 եւ Այնճարի հիմնադրութեան 77 ամեակներուն առիթով կազմակերպուած աւանդական «Տոհմիկ Օր»-ը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակէն ներս: Ձեռնարկը կը վայելէր ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որու օժանդակած էին մասնաճիւղի հինգ յանձնախումբերը: Բեմը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Այնճարի բերդին կից գտնուող ձեռագործներու կրպակին վերաբացումը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին եւ SPNL ընկերակցութեան պաշտօնէութեան: Ծրագիրը կազմակերպուած էր Այնճարի քաղաքապետութեան, SPNL ընկերակցութեան եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար»…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի յանձնախումբերու ընկերուհիներուն համար 24 Մայիս 2016-ը եղաւ հաճելի եւ յիշատակելի օր մը: Միօրեայ պտոյտով մը աւարտեցաւ մասնաճիւղի 2015 - 2016 տարեշրջանի գործունէութիւնը: Խումբը շրջեցաւ Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Այցելեց “Սայտէթ Պըշուաթ” եկեղեցին, Արզ , Պընեշղի Լիճը , Պիքֆաեայի Ապրիլեան յուշարձանը եւ դպրեվանքը ուր ընկերուհիները միաբերան աղօթեցին եւ շարական երգեցին: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան…
ԱւելինԱյնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի եւ աշխատանոցի յանձնախումբերուն ջանքերով, երեք ամիս տեւած հայկական ասեղնագործութիւններու դասընթացքը աւարտեցաւ 25 Մայիս 2016-ին: Մարաշի ասեղնագործութիւնը սորվեցան 7 տիկիններ, ընկհ. Ռիթա Լագիսեանի ցուցմունքներով, Մաքոք՝ 6 տիկիններ, Տիկին Ռեբեկա Թիւմպէրեանի ցուցմունքներով, Այնթէպի ասեղնագործութիւն՝ 3 տիկիններ, Տիկին Ցոլինէ Տումանեանի ցուցմունքներով, իսկ Սուազի ասեղնագործութիւն՝ 7…
ԱւելինԱյնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց անգլերէն լեզուի դասընթացք մը, որ դասաւանդուեցաւ շաբաթական դրութեամբ, ընկերուհի Մակի Ուրֆալեանի կողմէ եւ երեք ամիս տեւողութեամբ: Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2016-ին, վերջին դասապահի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Կազմակերպող յանձնախումբին անունով խօսք առաւ ընկերուհի Անի Տիւքէնճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դասատուին եւ վկայեց, թէ դասապահերը ընթացան…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունի, ամէն տարի, հոգեհանգստեան պաշտօնով յարգելու մահացած ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարերարներու յիշատակը: Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, Այնճար, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, հրամցուեցաւ հոգեսուրճ: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան անդրադառնալով մասնաճիւղի…
ԱւելինՀամբարձում եայլա եայլա ջան եայլա..... ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը, Համբարձման տօնին առիթով, կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 Մայիս 2016-ին, Այնճարի «Ռազմիկ» ճաշարանի գեղեցիկ բնութեան գրկին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սօսի Արամեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, համակիրներու եւ հիւրերու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց…
ԱւելինԱյնճարի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած առողջապահական դասախօսական շարքին 2–րդը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 Ապրիլ, 2016-ին , կ.ա. ժամը 11-ին, Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ , ներկայութեամբ աւելի քան 60 ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Ընկերուհի Համեստուհի Ճանպազեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց օրուան դասախօսը՝ սննդագէտ Օրդ. Նարէ Պուրսալեանը որ խտասալիկներու…
Աւելին«Աղթամար» Մասնաճիւղ Ա.- Հայկական մանրանկարչութիւն Շաբաթ, 5 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու աշխատանոցի յանձնախումբը հիւրընկալեցին Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի դասախօս եւ Տէրեան մշակութային կեդրոնի պատասխանատու Անի Մարգարեանը, «Ս. Զէթլեան» կեդրոնի, «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Հաւաքուած հայրենակիցներն ու հիւրերը նախ ծանօթացան դասախօսուհիին կենսագրականին, որ…
ԱւելինՈւրբաթ, 29 Ապրիլ, 2016-ին, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած առողջապահական նիւթերով դասախօսական շարքի 3–րդն ու վերջինը : Բացումը կատարեց շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Սոնա Եաբուճեան որ հաստատեց առողջապահական նիւթերու մասին տեղեկութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Օրուայ դասախօս՝ ընկերուհի Վերժին Խորշիտեան խօսեցաւ մանրէներու մասին բացատրելով թէ ինչ է…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, գործակցութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերա բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , Ուրբաթ 15 Ապրիլ 2016-ին, կ.ա. ժամը 11-ին, Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գլխացաւերու պատճառները» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ ՝տոքթ. Պերճ Տագէսեան…
ԱւելինԱյնճարաբնակ աւագ սերունդը, համախմբուած եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնեց Զատիկը Չորեքշաբթի , 30 Մարտ 2016-ին՝ Ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: Ճաշարանի տնօրէնութիւնը այս հաւաքոյթը նուիրած էր Այնճարի տարեցներուն՝ իրենց մեծ մօր , Պայծառ Քիւրտեանի յիշատակին: ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբը ջանք չէր խնայած Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ստեղծելու տօնական մթնոլորտ, վերակենդանացնելով Մուսա լերան աւանդութիւնները: Այնճարի մէջ իրենց…
ԱւելինԱյնճարի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպած հայկական ասեղնագործութիւններու դասընթացքները (Մարաշ, Սուազ եւ Նորվեկեան) արդէն ընթացք առած են Մարտ 2016-ին : Յանձնախումբը ի մտի ունի սոյն դասընթացքներով պահպանել եւ տարածել հայկական ձեռագործները : Դասատուներ՝ Մարաշի ասեղնագործութեան՝ Ընկհ. Ռիթա Լագիսեան Սուազ՝ Ընկհ. Ազատիկ Տաղլեան Նորվեկեան՝ Տիկ. Ցոլինէ Տումանեան Գնահատելի է նոր սերունդին…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 8 Մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին՝ Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ կանանց Միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի ,Շրջանային վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներուն, մեծ…
ԱւելինՍուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…
Աւելին






















