Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ-ի Շրջ. Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Աղթամար մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին Ամանորի հաւաքոյթը ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, 17 Դեկտեմբեր 2016- ին ճաշարան Արեւի մէջ։
Ձեռնարկին բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի ՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան, որ ուրախութեամբ ողջոյնի խօսք ուղղեց Լ.Օ.Խ-ի աշխատանքներուն հաւատացող համակիր տիկիններուն: Գնահատեց մասնաճիւղին գործունէութեան հանդէպ ժողովուրդին համարումը եւ ընկերուհիներուն յօժար ծառայութիւնները: Ան նաեւ դրուատեց գիւղիս պատկան մարմիններուն եւ Լ.Օ.Խ-ի Շրջանային Վարչութեան զօրակցութիւնը միութեանս: Ապա ձեռնարկը վարեց տիկ. Թամար Սնապեան-Սուրճեանը. ան շեշտեց այս ձեռնարկին կարեւորութիւնը, որ կը միտի կարիքաւոր աշակերտներու կրթական ծախսերու օժանդակութիւն տրամադրել: Նաեւ ընթերցեց կաղանդի սովորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ, բարեմաղթանքներ:
Օրուան մթնոլորտը ճոխացուց երգչուհի Լիզա Սվաճեան: Աշուղական, ժողովրդային շուրջպարերով, շուրջ 175 ներկաներ, վայելեցին ուրախ պահեր։ Ներկաները վիճակահանութեան տոմսեր ստացան, և կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն: Անոնք բախտաւորուեցան արժէքաւոր նուէրներով:
Կաղանդ պապաները բաժնեցին վիճակահանութեան նուէրները: Եղան նուիրատուութիւններ։ Ներկաները գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան:




































