«Կանանց Միջազգային Օր» Այնճարի մէջ

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 8 Մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին՝ Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ կանանց Միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը  ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի ,Շրջանային վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներուն, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներու  եւ  հիւրերու:

        Քայլերգներու ունկընդրութենէն ետք՝ ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Ազատիկ Տաղլեան: Ան ըսաւ թէ՝ - «Հայ ազգին մէջ կինը սրբացած է մայրութեամբ եւ անոր լաւագոյն արտացոլանքը կը տեսնենք մեր շատ նշանաւոր գրագէտներու բանաստեղծութիւններուն մէջ: ԼՕԽ-ը ըլլալով իւրայատուկ կանացի կազմակերպութիւն, հաստատ եւ ինքնավստահ քայլերով կը շարունակէ դիմակալել Հայ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները »:

Օրուայ բանախօսն էր  ընկհ. Սեդա Մանկասարեան : Ան ըսաւ թէ՝  «Այր եւ Կին Հաւասարութիւն մինչեւ 2030 թուական» բնաբանը իրականացնելու համար կարեւոր են՝ ուսումը եւ որակաւոր կրթութիւնը առանց խտրականութեան, իգական սեռի հանդէպ բռնութեան եւ խտրութեան դադրեցումը, ընկերութեան մէջ գտնուող վնասակար սովորութիւններու կասեցումը եւ կանանց օգտակար աշխատանքային կարելիութիւններու ստեղծումը:

Ընկհ. Մանկասարեան վեր առաւ ԼՕԽ-ի ունեցած դրական ազդեցութիւնը հայ գաղութի ազգային, մշակութային, միութենական եւ ընկերային կեանքին մէջ՝ պահպանելով ազգային եւ հոգեւոր արժէքները եւ ծառայելով ծերին, որբին եւ հիւանդին:

Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց բոլոր հայ տիկիններուն  եւ օրիորդնեդուն միանալու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին, աւելիով փայլեցնելու Լիբանանի հայ գաղութը:

Ապա ներկաները դիտեցին յատուկ տեսերիզ մը  որ պատրաստուած էր Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ , Կանանց Միջազգային օրուան առիթով , ուր հանրածանօթ դէմքեր իրենց խօսքը ներկայացուցած էին հայ կիներու արժանիքներուն  ու յատկութիւններուն մասին:

Գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկաւ տիկ. Գլարա Ադամեան, որ իր գեղեցիկ ձայնով ներկայացուց երեք հայերէն երգեր:

 Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները ստացան ծաղիկներ: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն: