Համբարձում եայլա եայլա ջան եայլա.....
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը, Համբարձման տօնին առիթով, կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 Մայիս 2016-ին, Այնճարի «Ռազմիկ» ճաշարանի գեղեցիկ բնութեան գրկին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սօսի Արամեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, համակիրներու եւ հիւրերու:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, օրուան ձեռնարկը անուանեց տարեշրջանի «վերջին զանգը», գնահատեց մասնաճիւղի յանձնախումբերուն բեղուն աշխատանքը, անդրադառնալով ԼՕԽ-ի կատարած ծառայութիւններուն: Ան մէջ բերաւ գրագէտ Պօղոս Սնապեանի վկայութիւնը, թէ ԼՕԽ-ը ցոյց տուած է նոր հրամայականներ դիմագրաւելու հաստատուն կամք:
Այնուհետեւ, օրուան սեղանապետ, «Վանայ Ձայնի» հաղորդավար՝ Տիկ. Շողէր Գառնէշեան Մխճեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ խօսեցաւ ԼՕԽ-ի ընդհանրական գործունէութեան մասին, մասնաւորելով մասնաճիւղի դարմանատան ընձեռած ծառայութիւնները Այնճար հայաւանէն ներս:
Հրաւիրուեցաւ երիտասարդ երգիչ՝ Նշան Վարդանեանը, որ իր գեղեցիկ եւ հաճելի ձայնով տպաւորեց ներկաները եւ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն :
Սեղանապետ՝ Տիկ. Շողէր Գառնէշեան Մխճեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Համբարձման տօնի կրօնական եւ ժողովրդային աւանդութիւններուն: Տեղի ունեցաւ համբարձման աւանդական վիճակախաղը, ուրախութիւն պատճառելով իրենց ասպետին սպասող աղջիկներուն:
Օրուան վիճակահանութենէն բախտաւորուեցան ներկաներէն շատեր:
Կատարուեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւնը այն վիճակահանութեան, որու հասոյթը պիտի յատկացուի «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատան բարեզարդման: Սոյն վիճակահանութեան միակ նուէրն էր, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան պատրաստած ապարանջանը:



























