Յանձնախումբերու պտոյտ

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի յանձնախումբերու  ընկերուհիներուն համար 24 Մայիս 2016-ը եղաւ հաճելի եւ յիշատակելի օր մը:

Միօրեայ պտոյտով մը աւարտեցաւ մասնաճիւղի 2015 - 2016 տարեշրջանի գործունէութիւնը:

Խումբը շրջեցաւ Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Այցելեց “Սայտէթ Պըշուաթ” եկեղեցին, Արզ , Պընեշղի Լիճը , Պիքֆաեայի Ապրիլեան յուշարձանը եւ դպրեվանքը ուր ընկերուհիները միաբերան  աղօթեցին եւ շարական երգեցին:

Անոնք բարձր տրամադրութեամբ  վերադարձան Այնճար: