Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի եւ աշխատանոցի յանձնախումբերուն ջանքերով, երեք ամիս տեւած հայկական ասեղնագործութիւններու դասընթացքը աւարտեցաւ 25 Մայիս 2016-ին:
Մարաշի ասեղնագործութիւնը սորվեցան 7 տիկիններ, ընկհ. Ռիթա Լագիսեանի ցուցմունքներով, Մաքոք՝ 6 տիկիններ, Տիկին Ռեբեկա Թիւմպէրեանի ցուցմունքներով, Այնթէպի ասեղնագործութիւն՝ 3 տիկիններ, Տիկին Ցոլինէ Տումանեանի ցուցմունքներով, իսկ Սուազի ասեղնագործութիւն՝ 7 տիկիններ, ընկհ. Ազատիկ Տաղըլեանի ցուցմունքներով:
Վերոյիշեալ դասընթացքին հետեւողները ստացան հաստատագրեր պատրաստուած վարչութեան կողմէ եւ ձեռամբ դասատուներուն, ապա անոնք հատեցին օրուան կարկանդակը:
Հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ ,ներկաներուն դէմքերուն վրայ կ'երեւէին ուրախութեան ժպիտներ, որովհետեւ անոնք հոգեպէս ուրախ եւ յագեցած, քաջ գիտէին, որ հայկական աւանդական ձեռագործները վերակենդանութիւն ստացած էին:
Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց դասատուներուն եւ մաղթեց, որ բոլորին տուները զարդարուին այս գեղեցիկ ասեղնագործութիւններով եւ ներկայ սերունդը, իր կարգին փոխանցէ զանոնք յաջորդ սերունդներուն:













