Ծանօթացման Հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը, իր տարեկան գործունէութիւնը սկսաւ «Ծանօթացման Հանդիպում»ով մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ, ուր շրջանի ԼՕԽ-ական ընկերուհիները հրաւիրուած էին ծանօթանալու նորընտիր վարչութեան:

Ձեռնարկը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, ապա մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան բացուած յայտարարեց հանդիպումը: Ան բարի գալուստի քանի մը խօսքով ողջունեց ներկաները, ուրախութիւն յայտնելով անոնց  ներկայութեան:

Ձիռնարկը ընթացաւ  հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, որ գոհունակութիւն ներշնչեց ներկաներուն:

Օրուան մթնոլորտէն խանդավառուած եղան նուիրատուութիւններ: