Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ նշուեցաւ «Ոսկի Աշուն»ը ձեռնարկը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ընկերուհիներէն՝ Վիքթորիա Հերկելեանը: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց ծանօթ խոհարարուհի՝ ընկերուհի Մարօ Չէօրէքճեանը, որու ցուցմունքներով՝ ձմրան դդումով (ղափամա) պատրաստուեցան տարբեր ճաշատեսակներ և անուշեղէններ: Շուրջ 70 տիկիններ հետեւեցան բացատրութիւններուն, մասնակցեցան պատրաստութեանց, վայելեցին պտուղներով ու բանջարեղեններով յարդարուած սեղանը եւ համտեսեցին համեղ ուտեստեղէնները:
Իւրայատուկ և օրինակելի ձեռնարկը լայն արձագանգ գտաւ շրջապատէն ներս:










