Կազմակերպութեամբ՝ Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, Ուրբաթ 18 Նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Քանափէներու» և Թացաններու պատրաստութեան միօրեայ դասընթացք մը, որ ներկայացուեցաւ ընկերուհի Փառանձեմ Քէլեանի կողմէ:
Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան և դաստիարակչական յանձնախումբին անունով, բարի գալուստի խօսք մաղթեց ներկաներուն՝ ընկերուհի Ռիթա Քիւսպէքեանը, որ անդրադարձաւ, թէ ամանորի սեմին կը գտնուինք և յանձնախումբը նորութիւններու հետամուտ ըլլալով, խոհանոցը հարստացնելու և ճոխ սեղաններ պատրաստելու համար, յատուկ առիթ մը ստեղծեց: Չմոռնալով, որ մօր մը մատուցած, յատկապէս հայ մօր ուտելիքը, անփոխարինելի է ընտանիքին համար, ընտանիքի բոլոր անդամները կը փնտռեն տան մէջ մօր ձեռքերով պատրաստուած ուտելիքին համն ու հոտը: Որքան ալ շլացուցիչ ըլլան արեւմտեան և օտարոտի ճաշերուն և թացաններուն, քանափէներուն տեսքն ու քաշողականութիւնը, մենք կը նախընտրենք մեր հարազատ ուտելիքները: Եթէ կան ներմուծուած ճաշեր, մեր մայրերը իրենց հմտութեամբ զանոնք կը փորձեն յարմարեցնել մեր քիմքին ու ճաշակին:
Ընկերուհի Փառանձեմ Քէլեան, իբրեւ տիպար մայր, տանտիկին, տնտեսող և վարպետ ճարտար ձեռքերով, ինքնաշխատութեամբ և ճաշակով, ներկաներուն առջեւ պատրաստեց թացաններու և «քանափէներու» ճոխ սեղան մը, որ բարձր գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ:
Ձեռնարկի աւարտին, ընկերուհիներուն կողմէ իրեն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:













