Անգլերէն լեզուի դասընթացք Այնճարի մէջ

Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց անգլերէն լեզուի  դասընթացք մը, որ դասաւանդուեցաւ շաբաթական դրութեամբ,  ընկերուհի Մակի Ուրֆալեանի կողմէ եւ երեք ամիս տեւողութեամբ:

Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2016-ին, վերջին դասապահի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Կազմակերպող  յանձնախումբին անունով խօսք առաւ ընկերուհի Անի Տիւքէնճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դասատուին եւ վկայեց, թէ դասապահերը ընթացան շատ հաճելի մթնոլորտի մէջ ու եղան օգտաշատ մասնակցող եօթը տիկիններուն համար: Իր կարգին  Մակի Ուրֆալեան վկայեց, թէ այս դասընթացքը եղած է  նոր փորձառութիւն մը իրեն համար,  ստանալով  հոգեկան մեծ գոհունակութիւն: