Շաբաթ, 5 Մարտ 2016-ին , երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու աշխատանոցի յանձնախումբը հիւրընկալեցին Հ.Հ. գիտութիւններու Ակադեմեայի դասախօս եւ Տէրեան Մշակութային կեդրոնի պատասխանատու, Անի Մարգարեանը, «Ս. Զէթլեան» կեդրոնի , «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Հաւաքուած հայրենակիցներն ու հիւրերը նախ ծանօթացան դասախօսուհիին կենսագրականին, զորս ներկայացուց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ…
ԱւելինԼՕԽ –ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբը պահպանելու համար հայ երգն ու երաժշտութիւնը, Երկուշաբթի, 8 Փետրուար, 2016-ին, կազմակերպեց «Քարաօքէ» երեկոյ մը, ճաշարան «Նապաա Այնճարի» մէջ: Համախմբուած էին մօտ 75 ընկերուհիներ ու համակիրներ, միասնաբար, կեանք տալու մոռցուած հայկական երգերուն: Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց յաձնախումբի ատենապետուհի՝ Ընկհ. Անէթ Փալազեան, ան մաղթեց որ բոլորին տուները լի ըլլան խնդութեամբ ու…
Աւելին«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…
ԱւելինԱյնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը , ուրբաթ, 22 Յունուար 2016–ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով , միասնաբար նշելու «Սուրբ Սարգիս» զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ՝ ընկհ. Անի Տիւքէնճեան, իր բարի գալուստի խօսքով նախ անդրադարձաւ հայկական աւանդութիւններուն կարեւորութեան, շեշտը դնելով, օրուայ առիթին «Ս. Սարգիս» տօնին…
ԱւելինԱյնճարի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան բժիշկներուն Կամաւոր աշխատանքին առ ի գնահատանք, մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր, 2015-ին, նորակառոյց Ֆիլհաննէսեան կեդրոնի սրահին մէջ, կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, դարմանատան մէջ կամաւորաբար ծառայող բժիշկներուն , բժիշկուհիներուն եւ իրենց ընտանիքներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի ՝ընկհ.Ցողիկ Հաւաթեան , որ մեծապէս գնահատեց բժիշկներուն…
ԱւելինԱրեւելքի մէջ, հայկական նահապետական ընտանիքներուն մէջ, տարեցը ունի իր մեծ տեղը հինէն ի վեր: Այնճար, հայաւանը, տօնական օրերու նախօրեակին, չի կրնար մոռնալ իր տարեցները ուրախացնել, մնալով հաւատարիմ աւանդութեան: Արդ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբը կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր, 2015 կէսօրուայ ժամը 12:30–ին, ճաշարան «Շալլալաթ»-ի մէջ, բարերարութեամբը Տէր եւ Տիկ. Մարկոս եւ Ծովիկ Սնապեաններու, ի…
ԱւելինԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբը նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի նախօրեակին, կազմակերպեց կաղանդի ձեռային աշխատանքներու դասընթացք մը 2 հանգրուաններով: Առաջին դասընթացքը տեղի ունեցաւ 25 նոյեմբերին իսկ 2-րդը 9 դեկտեմբերին՝ դասատու ունենալով Ընկհ. Մարալ Թնքըրեանը: Դասաընթացքին մասնակցեցան 8 ընկերուհիներ որոնք ջերմ եւ ամանօրեայ մթնոլորտի մը մէջ սորվեցան մոմ շինել եւ յարդարել, ինչպէս նաեւ ամաններ եւ գաւաթներ զարդարել…
ԱւելինԵրկուշաբթի 14 Դեկտ. 2015-ի առաւօտեան, Տէր Նարեկ Աւգ. Քհնյ. Շիրիքեան Այցելեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դարմանատունը: Մասնաճիւղի վարչութիւնը դիմաւորեց Տէր Հայրը եւ ծանօթացուց Տէր հօր ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները: Տէր հայրը մանրամասնօրէն ծանօթացաւ «Աղթամար»ի տարած հսկայ աշխականքին եւ բարձրօրէն գնահատեց մասնաճիւղի տարած ազգօգուտ աշխատանքը: Այս առիթով նաեւ ան սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարեց մասնաճիւղի…
ԱւելինԼՕԽ–ի «Աղթամար» մասնաճիւղի (Այնճար) ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած, կաղանդի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Դեկ-տեմբեր 2015-ին, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: Ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ–ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկհ. Սօսի Արամեանի եւ աւելի քան 200 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքով, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան, նախ անդրդարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին՝ երեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ «Ոսկի Աշուն» խորագրով ձեռնարկ մը՝ ԼՕԽ-ի Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց օրդ. Վիքթոր Հերկելեան: Ան մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ողջունեց բոլոր ներկաները ապա ներկայացուց օրուայ պատգամախօս՝ Տիկ. Թամար Հերկելեան-Թասլաքեանը: Տիկ. Թամար փոխանցեց օրուայ…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբի անդամները՝ ընկերակցութեամբ Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի, այցելեցին Այնճարի մէջ յատուկ հոգատարութեան տակ գտնուող 42 տարեցներ: Տէր Միւռոն քհնյ. Օրհնութեան աղօթք կատարեց եւ հաղորդութիւն տուաւ տարեցներուն, անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապագինում:
ԱւելինՈւրբաթ, 11 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպած Մուսա Լերան ազգագրական տոհմիկ երեկոն` մեծաթիւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան: Ան յիշելով ՄուսաԼերան հերոսամարտի նահատակ Սամուէլ Մարգարեանը, որուն յիշատակին նուիրուած էր սոյն տոհմիկ երեկոն, ըսաւ, թէ Սամուէլ եւ իր ընկերները…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ MECC եւ Fin Church Aid կազմակերպութիւններուն եւ նախաձեռնութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան ու Լ.Օ.Խ.-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղին՝ կազմակերպուեցան ձեռագործի եւ ճաշի պատրաստութեան դասընթացքներ՝ մասնաճիւղի նորակառոյց կեդրոնին մէջ, 11-էն 13 Օգոստոս 2015-ին: Կազմակերպութեամբ Մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ ասեղնագործութեան դասընթացք մը՝ դասատու ունենալով Ընկհ. Սիրվարդ…
ԱւելինԳործակցութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան եւ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, եւ նիւթական օժանդակութեամբ Լիբանանի մէջ գործող բնապահպանութեան "SPNL” ընկերակցութեան, Շաբաթ 11 Օգոսոտս 2015-ի կէսօրուան ժամը 1:30-ին տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ Լ.Օ.Խ.-ի աշխատանոցի բացումը՝ որ կը միտի պահպանել ձեռարուեստները, շեշտը դնելով հայկական բացառիկ գործերու վրայ, ինչպէս «Սուազ»ի, հայկական էթամինի, եւ այլ շրջաններու աւանդական…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան շաբաթ, 6 յունիս 2015-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի վերանորոգուած «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատուն-կեդրոնի բացումը: Գիւղի հոգեւոր հայրերուն օրհնութեան աղօթքով եւ ժապաւէնի հատումով տեղի ունեցաւ դարմանատուն-կեդրոնին բացումը: Լիբանանի, Հայաստանի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , գործակցաբար՝ Այնճարի, ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի վարչութեան Երկուշաբթի 25 Մայիս 2015 ին , Այնճարի “Ս. Զէյթլեան “ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական շարքին երրորդը "Ոսկրափտութիւնը եւ “Տի” Կենսանիւթը” նիւթով ,զորս ներկայացուց ԱՊԸԲ կեդրոնի ընդհանուր մարմինի բժիշկ Տօքթ. Յարութիւն Այնթապլիան : ԼՕԽ-ի “Աղթամար”…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , գործակցաբար՝ Այնճարի, ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի վարչութեան Շաբաթ 16 Մայիսին 2015 ին , Այնճարի “Ս. Զէյթլեան “ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 3 դասախօսական շարքերու երկրորդը “Գերզգայնութեան գլխաւոր պատճառները ” նիւթով ,զորս ներկայացուց մանկաբուժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան : “Աղթամար” մասնաճիւղի անունով խօսք առաւ ընկհ…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , գործակցաբար՝ Այնճարի, ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի վարչութեան ,30 Ապրիլ 2015 ին , Այնճարի “ Ս . Զէյթլեան “ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը “Առողջ երկարակեցութիւն ” նիւթով ,զորս ներկայացուց առողջապահական յանձնախումբի անդամ ընկհ .Շաքէ Բարմաքսզեան : Մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ.Ցողիկ Հաւաթեան , բարի…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին՝ Ուրբաթ 27 Մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ՝ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդութիւններուն նուիրուած ձեռնարկ: Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Ռիթա Լաքիսեանը: Ան քաջալերեց Հայ մայրերը եւ մեծ մայրերը պահպանելու հայկական աւանդութիւնները իրենց…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին եւ նուիրատուութեամբ Զէյթլեան ընտանիքին, Հինգշաբթի 26 Մարտ 2015-ին, ճաշարան «Արեւ»ի մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու Զատկուայ աւանդական հաւաքոյթը: Հաւաքոյթին ներկայ էին Հայր Վահրիժ Ղարախանեան, Տէր Աշոտ աւագ քհնյ. Գարագաշեան, Տէր Արսէն Քէշիշեան, Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, քոյրեր Լորէնցիա Գապագեան եւ Թէոպիսթէ Պետրոսեան, Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Դաստիարակչական Յանձնախումբին՝ Երկուշաբթի 9 Մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային Տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կանանց Միջազգային Օրուան հանդիսութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին Լ.Օ.Խ.-ի շրջանային վարչութեան անդամ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանը, Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի վարչութիւնը, ընկերուհիները, Տիկնանց Միութիւններու…
ԱւելինՇաբաթ, 7 Փետրուար 2015-ի երկոյեան՝ ճաշարան «Արեւ»ի մէջ տեղի ունեցաւ «Քարաօքէ»ի երեկոյ, կազմակերպութեամբ Այնճարի Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր ընկհ. Լենա Սթամպուլեանը: Հաւաքոյթին ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան երգելու եւ պարելու՝ հայկական ժամանակակից եւ աւանդական երգեր ու պարեր:
ԱւելինLorem Ipsum is simply dummy text of the printing and typesetting industry. Lorem Ipsum has been the industry's standard dummy text ever since the 1500s, when an unknown printer took a galley of type and scrambled it to make a type specimen book. It has survived not only five centuries, but also the leap into electronic typesetting, remaining essentially unchanged. It was popularised in the 1960s with the release of Letraset…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին՝ Ուրբաթ 5 Դեկտեմբեր 2014ի կ.ե. ժամը 2:00 էն սկսեալ, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ամանորեայ հաւաքոյթը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան: Ան անդրադառնալով կամաւորներու օրուան առիթին, գնահատեց մասնաճիւղի անդամներուն կամաւոր աշխատանքը: Ան նոր տարուայ բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք…
Աւելին






















