Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Կազմակերպած «Քարաօքէ»ի Երեկոն

Շաբաթ, 7 Փետրուար 2015-ի երկոյեան՝ ճաշարան «Արեւ»ի մէջ տեղի ունեցաւ «Քարաօքէ»ի երեկոյ, կազմակերպութեամբ Այնճարի Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին:

  Ձեռնարկին հանդիսավարն էր ընկհ. Լենա Սթամպուլեանը: Հաւաքոյթին ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան երգելու եւ պարելու՝ հայկական ժամանակակից եւ աւանդական երգեր ու պարեր: