Մուսա Լերան Ազգագրական Տոհմիկ Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին

Ուրբաթ, 11 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպած Մուսա Լերան ազգագրական տոհմիկ երեկոն` մեծաթիւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ:

  Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան: Ան յիշելով ՄուսաԼերան հերոսամարտի նահատակ Սամուէլ Մարգարեանը, որուն  յիշատակին նուիրուած էր սոյն տոհմիկ երեկոն, ըսաւ, թէ Սամուէլ եւ իր ընկերները քաջաբար կռուած էին թշնամիին դէմ պաշտպանելու համար իրենց կարեւոր դիրքը, նահատակուելով Մուսա Լերան հերոսամարտի մեծագոյն կռիւին օրը` օգոստոս 23-ին:

  Հաւաթեան ըսաւ, թէ Սամուէլ Մարգարեան կռուեցաւ անվեհերութեամբ եւ կատարեց իր պարտականութիւնըիր սիրած ժողովուրդին ազատագրութեան համար` դառնալով անոր 18 նահատակներէն մէկը:

  Հաւաթեան ըսաւ, թէ ինչպէս Մուսա Լերան ժողովուրդին, նոյնպէս ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիները դժուարին պայմաններու մէջ կատարեցին իրենց ԼՕԽ-ական պարտականութիւնները` հիմնելով Այնճարի դարմանատունը, որ մեծ ծառայութիւն կը մատուցէ Այնճարի եւ նոյնիսկ դրացի գիւղերու ժողովուրդին:

  Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար հանդիսացան սոյն երեկոյի յաջողութեան, մասնաւորապէս մասնաճիւղի ընկերուհիներուն, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին պատրաստելու համար Մուսա Լերան Աւանդական ուտեստեղէնները:

  Օրուան հանդիսավարութիւնը ստանձնեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան յիշելով Մուսա Լերան 6գիւղերը յաջորդաբար նշեց անոնց առանձնայատկութիւնները եւ աւանդական սովորութիւնները:

  Օրուան հանդիսավարը մթնոլորտը ճոխացուց հայկական ազգագրական երգերու կատարումներով:

  Յատուկ ձեւով ներկայացուեցաւ Մուսա Լերան աւանդական հարսանիքը` մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներուն եւ թմբուկ զուռնային:

  Ապա ելոյթ ունեցաւ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի պարախումբը:

  Ձեռնարկին ընթացքին հայկական ազգագրական երգերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանէն հիւրաբարհասած «Մուսա Լեռ» երգի մեկնաբան Հայկ Մխոյեան:

  Տոհմիկ երեկոյին ընթացքին վաճառուեցան Մուսա Լերան եւ հայկական աւանդական տոհմիկ ճաշեր ուանուշեղէններ, որոնք պատրաստուած էին մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կողմէ: