Աղթամար — Լուրեր

Այնճարի Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Ճաշի Դասընթացքը

Հինգշաբթի 4 Դեկտեմբեր 2014-ին Լ.Օ.Խ.-ի «Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ճաշի դասընթացք մը կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Դաստիարակչական Յանձնախումբին: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Տիկ. Ռօզ Պագգալեան որ յայտնեց թէ «Եփելը արուեստ, շնորհք եւ ճաշակ է որ մաս կը կազմէ ժամանակի զարգացման ու նորաձեւութեան: Մենք բոլորս ունինք այդ շնորհքը, սակայն այսօր մենք եկած ենք հոս բազմաշնորհ մեր…

Աւելին
Դասախօսութին՝ Շաքարախտը Եւ Անոր Վտանգները

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած դասախօսական շարքերու առաջինը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 18 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 80-է աւելի Լ.Օ.Խ.-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Դասախօսութեան նիւթն էր «Շաքարախտը»: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Նայիրի Քէնտիրճեան որմէ ետք օրուայ դասախօս բժշկուհի Սուզան…

Աւելին
Տարեցներու Հաւաք Թէյասեղանի Շուրջ

Ուրբաթ 8 Նոյեմբեր 2014-ի Կ.Ա. ժամը 10:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի տարեցներու հաւաք մը թէյասեղանի շուրջ, կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին: Բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Քնար Գամպէրեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ Լ.Օ.Խ.-ի տարած մարդասիրական աշխատանքներուն որմէ ետք ան հրաւիրեց օրուայ դասախօս՝ Հիւանդապահուհի Տիկ. Մարի…

Աւելին
Մուսա Լերան Տոհմիկ Երեկոյ (2014)

Կազմակերպութեամբ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 12 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան տոհմիկ երեկոյ, որուն ներկայ էին աւելի քան 1000 հայրենակիցներ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աւանդութիւն դարձած այս երեկոն «տոհմիկ» անուան տակ պիտի մնայ յուշարարը մեր…

Աւելին
Համբարձման Հաւաքոյթ Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, Ուրբաթ 30 Մայիս 2014-ի կ.ե. ժամը 3:00-ին, Ճաշարան «Ռազմիկ»ի մէջ տեղի ունեցաւ Համբարձման հաւաքոյթ: Բացման խօսքը կատարեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Մատլէն Խօշեան, որ շեշտը դրաւ ազգային մշակոյթի պահպանման համար կատարուելիք աշխատանքներուն վրայ բոլոր միութիւններուն կողմէ, որպէսզի գոյատեւէ հայութիւնը եւ սերունդը մեծնայ գիտակցելով իր ազգային պատկանելիութեան…

Աւելին
Համաշխարհային Հիւանդապահուհիներու Օր Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին

Երեքշաբթի 13 Մայիս 2014-ի կ.ե. ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ անցեալին ծառայած եւ ներկայիս ծառայող հիւանդապահուհիներու նուիրուած հաւաքոյթ՝ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին: Հաւաքոյթին ընթացքին գնահատուեցան բոլոր հիւանդապահուհիները եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ առիթը ունեցան բաժնեկցելու իրենց փորձառութիւնները:

Աւելին
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն ի Յիշատակ Լ.Օ.Խ.ի Մահացած Անդամներուն

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն ի Յիշատակ Լ.Օ.Խ.ի Մահացած Անդամներուն Կիրակի, 28 Ապրիլ 2014-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի բարերար, հիմնադիր եւ բոլոր մահացած ընկերուհիներուն յիշատակին: արարողութեան ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հովիւները, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանը , Հ.Յ.Դ. «Կ. Լեռ» Կոմիտէն,Գիւղի միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ…

Աւելին
Լ.Օ.Խ.ի Կազմակերպութեամբ Այնճարի Մանուկներու Պտոյտ

26 Ապրիլին, Մանուկներու միջազգային օրուայ առիթով, Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղը կազմակերպեց պտոյտ մը Այնճարի մանուկներուն համար: Այնճարի փոքրիկները առիթ ունեցան անցնելու հաճելի օր մը այցելելով Պէքայի մէջ քանի մը զբօսաշրջիկային կեդրոններ:

Աւելին
Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ Տարեցներու Զատկուայ Հաւաքոյթ

Երեքշաբթի՝ 22 Ապրիլ 2014-ին, Զատկուայ առիթով, ճաշարան «Արեւ» ի մէջ 140 տարեցներ տօնական մթնոլորտի մէջ դիմաւորեցին Ս. Զատիկը՝ երգելով, պարելով, եւ հետեւելով օրուայ սեղանապետ՝ Տիկ. Իսկուհի Քիւրտեանին: Հաւաքոյթին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Մատլէն Խօշեան, որ դրուատեց միութեան աշխատանքներուն նպաստող բոլոր ազգայիններուն օժանդակութիւնը, որոնցմէ է Զէյթլեան ընտանիքը, որ տօնական օրերուն իրենց ուրախութիւնը կը բաժնեն…

Աւելին
«Թմրամոլութեան Դէմ Պայքար»

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, շաբաթ՝ 1 Մարտ, 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ դասախօսութիւն մը՝ տեսաերիզի ցուցադրութեամբ: Դասախօսութեան նիւթն էր «Թմրամոլութեան դէմ պայքար»ը , դասախօսն էր Տիկ. Լենա Արապօղլեան: ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Ռիթա Քիւսպէքեան: Ան…

Աւելին
Անմիջական Օգնութեան Դասընթացք

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին եւ գործակցութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ եռօրեայ անմիջական օգնութեան դասընթացք մը «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, որուն մասնակցեցան գիւղէն խումբ մը երիտասարդներ եւ քաղաքապետութեան ոստիկանները: Դասընթացքը ներկայացուցին Պէքայի օգնութեան խաչի պատասխանատուները: Դասընթացքի աւարտին մասնակիցները ստացան համապատասխան հաստատագրեր:

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար»ի կազմակերպութեամբ՝ Հայ Երգի (Գարաօքէի) Երեկոյ

8 Փետրուար 2014-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական Վարժարանի «Մուսա Լեռ» Սրահին մէջ, ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը համախմբած էր մեծաթիւ տիկիններ եւ օրիորդներ, հայկական մաքուր երաժշտութեամբ եւ ոգեշուչ ազգային երգերու կշռոյթով, վայելելու իսկական Հայ երգի երգեցողութեան (Գարաօքէի) ձեռնարկը: Աւանդական համադամ ճաշերով ճոխացած սեղանները եւ զուտ հայկական մթնոլորտը գագաթնակէտին հասցուցին…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Կաղանդի Խրախճանքը

Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 2:30 էն սկսեալ, տեղի ունեցաւ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի կազմակերպած Կաղանդի խրախճանքը, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: Խրախճանքին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Տիկ. Մատլէն Խօշեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ թամատա՝ Օրդ. Լուսիկ Տէր Գալուստեան. Ճոխ մթնոլորտի մէջ ներկաներուն փոխանցուեցաւ նոր տարուայ աւանդութիւններու մասին գիտելիքներ, նաեւ անոնք զուարճացան խաղերով…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկները

Տարեցներու Հաւաքոյթ Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2013-ին՝ Այնճարի տարեց հայրենակիցները հրաւիրուած էին Ճաշարան «Նապաա Այնճար»ի մէջ, ուր Կաղանդի հաւաքոյթ մը կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին կողմէ: Բացման խօսքը արտասանեց Օրուայ թամատայ՝ ընկհ. Անի Քերքէզեան: Ան մեծապէս գնահատեց տարեցներուն ունեցած վաստակը նշելով թէ նոր սերունդը կը գոյատեւէ այդ վաստակին պատճառավ: Ան Ճոխացուց մթնոլորտը, ներկաներուն…

Աւելին
«Կաղանդի Տօնավաճառ» Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի

Այսօր, Շաբաթ՝ 30 Նոյեմբեր 2013ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպած Կաղանդի տօնավաճառին բացումը: Լիբանանեան, Հայաստանեան եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, տօնավաճառին բացումը կատարեցին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Ընկհ. Մատլէն խօշեանը եւ տօնավաճառի հովանաւոր՝ ընկհ. Ցօղիկ Մանճեանը…

Աւելին
Դասախօսութիւն (Կենցաղավարութիւն)

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած դասախօսական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2013-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին ՝ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը: Օրուան դասախօսուհին էր երիցուհի՝ Գայանէ Թիւմպէրեան-Մըսըրլեանը, իսկ նիւթը՝ «լաւ յարաբերութիւն մշակելու գաղտնիքը»: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկերուհի Լիզա Թիւմպէրեան…

Աւելին
Նախնական Դարմանումի դասընթացք՝ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Կազմակերպութեամբ

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, 12-18 Նոյեմբեր 2013-ին՝ տեղի ունեցաւ նախնական դարմանումի դասընթացք մը հիւանապահուհի Տիկ. Մարի-Ֆլօր Արուշեանի ղեկավարութեամբ: Քանի մը օրերու ընթացքին, 20 տիկիններ եւ օրիորդներ հետեւեցան այրուածքի, բարձր ջերմութեան, վախի, դիւրազգացութեան եւ վիրաւորներ դարմանելու մասնագիտական դասերու՝ զոր սիրայօժար կերպով եւ բծախնդրութեամբ ներկայացուց Տիկ. Մարի-Ֆլօր Արուշեանը…

Աւելին
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 98-ամեակ Այնճար. Մուսա Լերան Տոհմիկ Երեկոյ Եւ Լօխ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի 70-ամեակ

Մուսա լերան հերոսամարտի 98-ամեակի ձեռնարկներու շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ: Աւելի քան 1100 հայրենակիցներ ընդառաջած էին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի հրաւէրին: Ձեռնարկին ներկայ էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իբրեւ հովանաւոր. ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած էր Այնճարի քաղաքապետութիւնը: Ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր պետերը, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ»…

Աւելին
Տաքուկ եւ Հաճելի Ամառ

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին՝ Ուրբաթ, 23 Օգոստոսի կ.ե. ժամը 5:00ին, ճաշարան «Brothers’ Café»-ի մէջ տեղի ունեցաւ նախընթրիք: Նախընթրիքին ներկայ էին Լօխական ընկերուհիներ եւ համակիր տիկիններ ու օրիորդներ: Հաւաքոյթին թամատան էր օրդ. Սեւան Ադամեանը, որ հետաքրքրական գիտելիքներով եւ հաճելի հանելուկներով ճոխացուց մթնոլորտը: Ներկաները ուրախ ժամեր անցուցին նաեւ պարելով հայկական պարեր:

Աւելին
Կենսանիւթերու Եւ Հանքային Աղերու Կարեւորութիւնը

6 Օգոստոս 2013ի, Կ.Ա. ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհանէսեան» կեդրոնէն ներս, հրամցուեցաւ այժմ կարեւոր նկատուող, առողջութեան նպաստող նիւթ մը՝ «կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու կարեւորութիւնը», զոր ներկայացուց բժշկուհի ընկերուհի Սիրուն Վարդապետեանը: 40-է աւելի տիկիններ, յատկապէս երիտասարդներ, հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բժշկուհիին լաւապէս խնամուած ու հրամցուած դասախօսութեան, որ կը շեշտէր բնական սնունդով առողջութիւնը պահելու եւ…

Աւելին
Տարեցներու Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ լօխ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին, երեքշաբթի,13 օգոստոսի կ.Ե. Ժամը 5:00-ին, «Green Garden» ճաշարանին մէջ, հաւաքուեցան այնճարի տարեցները որոնք հիւրասիրուեցան պաղպաղակով եւ հայկական «պրիոշ»ով: հիւրասիրութիւնը նուէր էր ճաշարանի սեփականատէր՝ տիկ. Ալիս հանտեանի կողմէ: Տարեցներու յանձնախումբի անունով տիկ. Զապել հաճեան արտասանեց բացման խօսքը: իսկ իր սրտին խօսքը փոխանցեց քոյր թէոպիստէ պետրոսեանը…

Աւելին
Կանանց Միջազգային Տօնի հանդիսութիւն

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած Կանանց Միջազգային Տօնի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 8 Մարտ 2013-ին,կէսօրէ առաջ ժամը 11:00ին, «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ : Օրուան պատգամախօսն էր Տիկ. Սօսի Պալեան: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ տիկիններ եւօրիորդներ: Հանդիսութեան բացման խօսքը…

Աւելին
դասախօսութիւն

Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին ,ԼՕԽ-ի «Ֆիլհանէսեան» կեդրոնին մէջ ( Այնճար), տեղի ունեցաւ «Աղթամար» մասնաճիւղի Դարմանատան յանձնախումբին կազմակերպած «Ոսկրափտում»ի մասին դասախօսութիւնը: Օրուան Դասախօսն էր՝ 10 տարիներէ ի վեր կամաւորաբար ԼՕԽ-ին ծառայող բժիշկներէն՝ Տոքթ. Ռիմոն Մասաատը, որ շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեամբ մանրամասն օգտաշատ բացատրութիւններ տուաւ ներկաներուն: Վարձքը կատար յանձնախումբին եւ…

Աւելին
Լօխ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղ. Կաղանդի Տօնավաճառի Բացում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2012-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Այնճարի Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ.Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնավաճառի բացումը: Ժապաւէնը կտրեցին Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանն ու քաղաքապետ` Կարօ Փամպուքեանը: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի «Աղթամար»…

Աւելին