Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, շաբաթ՝ 1 Մարտ, 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ դասախօսութիւն մը՝ տեսաերիզի ցուցադրութեամբ:
Դասախօսութեան նիւթն էր «Թմրամոլութեան դէմ պայքար»ը , դասախօսն էր Տիկ. Լենա Արապօղլեան:
ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Ռիթա Քիւսպէքեան: Ան մատնանշեց երիտասարդութեան սպառնացող՝ թմրամոլութեան վտանգը, որմէ ետք ան հրաւիրեց օրուայ բանախօսը:
Ներկաները նախ հետեւեցան տեսաերիզի մը որ կը ներկայացներ թմրամոլութիւնը եւ անոր բուժման կեդրոնները հայաստանի մէջ:
Տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք դասախօսը հաստատ կէտերով ներկայացուց թմրամոլութեան պատճառները, ախտանշանները, եւ բուժման հանգրուանները: Ան մասնաւորաբար շեշտեց ծնողք զաւակ փոխ յարաբերութեան կարեւորութիւնը եւ մանաւանդ ծնողներուն ունեցած դերակատարութիւնը իրեց զաւակներուն հոգեկան վիճակներուն մէջ:
Ան զգուշացուց երիտասարդները թմրամոլութեան հետեւանքներէն եւ թելադրեց անոնց զգոյշ ըլլալ անկայուն նկարագիր եւ կենցաղ ունեցող ընկերներէ:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու դասախօսին:






