Մուսա Լերան Տոհմիկ Երեկոյ (2014)

Կազմակերպութեամբ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 12 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան տոհմիկ երեկոյ, որուն ներկայ էին աւելի քան 1000 հայրենակիցներ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աւանդութիւն դարձած այս երեկոն «տոհմիկ» անուան տակ պիտի մնայ յուշարարը մեր բոլոր աւանդութիւններուն, ըլլան անոնք ճաշատեսակներ թէ տարբեր բնոյթի մշակութային ելոյթներ»: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր բարերարներուն, որոնք սատար հանդիսացան այս ձեռնարկին յաջողութեան:

Երեկոն հանդիսավարեցին Յակոբ Այնթապլեան եւ Լալիկ Խօշեան: Անոնք վեր առնին ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, որ իր կամաւոր աշխատակազմով մեր ազգային կեանքին մէջ իր կենսունակ գործունէութեամբ ստեղծած է ծառայութիւն մատուցելու հիասքանչ առօրեայ մը, ուր ինքնահոս ու հեզասահ կերպով կեանքի կը վերածուին հսկայ ծրագիրներ:

Երգիչներ Սիվա Քեչեճեան, Յովիկ Թաֆրանեան եւ Նշան Վարդանեան ազգագրական, աշուղական եւ ժողովրդային երգերով ճոխացուցին երեկոն:

Ելոյթ ունեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանի պարախումբը` պարուսոյց ունենալով Ժիրայր Քեչեճեանը:

Փոքրիկներ Աշոտ Գարագաշեան եւ Լիւսի Հերկելեան ներկայացուցին զաւեշտական երգ մը` ամուսնոյն եւ կնկան վէճը Մուսա լերան բարբառով:

Քեսապի բարբառով աշուղական երգեր ներկայացուց Աշուղ Ժիրայր (Ժիրայր Թռթռեան):

Այնուհետեւ Մարիա Աբէլեան, Նազանի Ադամեան եւ Մարիա Գալինճեան ներկայացուցին ազգային հայրենասիրական երգեր:

Ձեռնարկին ընթացքին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամները վաճառեցին Այնճարի աւանդական ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ:

Երեկոն շարունակուեցաւ աւանդական ճոխ մթնոլորտի մէջ, Մուսա լերան թմբուկ-զուռնայով, որուն ժողովուրդը մասնակցեցաւ ազգագրական պարերով` խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:

Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ մասնաճիւղի դարմանատան վերանորոգութեան համար:

Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ: