Այսօր, Շաբաթ՝ 30 Նոյեմբեր 2013ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպած Կաղանդի տօնավաճառին բացումը:
Լիբանանեան, Հայաստանեան եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, տօնավաճառին բացումը կատարեցին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Ընկհ. Մատլէն խօշեանը եւ տօնավաճառի հովանաւոր՝ ընկհ. Ցօղիկ Մանճեանը:
Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Մատլէն Խօշեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ԼՕԽ-ի ընկերուհիներուն, մասնակիցներուն եւ ձեռնարկի հովանաւորին: Ան իր խօսքի աւարտին յատուկ յուշանուէրով մը շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւոր ընկերուհիին:
Յիշեցնենք թէ երեք օրերու տեւողութեամբ տօնավաճառին ընթացքին պիտի վաճառուին հայկական յուշանուէրներ, գիրքեր, ձեռագործներ, զարդեղէններ, խմորեղէններ եւ այլ պատրաստութիւններ:



















