Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած դասախօսական շարքերու առաջինը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 18 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 80-է աւելի Լ.Օ.Խ.-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու:
Դասախօսութեան նիւթն էր «Շաքարախտը»:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Նայիրի Քէնտիրճեան որմէ ետք օրուայ դասախօս բժշկուհի Սուզան Հաշէմ՝ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց շաքարախտի վտանգները եւ նախազգուշական քայլերը:
Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ շաքարի քննութիւն եւ հիւրասիրութիւն բոլոր ներկաներուն:




