Համաշխարհային Հիւանդապահուհիներու Օր Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին

Երեքշաբթի 13 Մայիս 2014-ի կ.ե. ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ անցեալին  ծառայած եւ ներկայիս ծառայող հիւանդապահուհիներու նուիրուած հաւաքոյթ՝ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին:

Հաւաքոյթին ընթացքին գնահատուեցան բոլոր հիւանդապահուհիները եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ առիթը ունեցան բաժնեկցելու իրենց փորձառութիւնները: