Այնճարի Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Ճաշի Դասընթացքը

Հինգշաբթի 4 Դեկտեմբեր 2014-ին Լ.Օ.Խ.-ի «Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ճաշի դասընթացք մը կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Դաստիարակչական Յանձնախումբին:

  Ձեռնարկին բացումը կատարեց Տիկ. Ռօզ Պագգալեան որ յայտնեց թէ «Եփելը արուեստ, շնորհք եւ ճաշակ է որ մաս կը կազմէ ժամանակի զարգացման ու նորաձեւութեան: Մենք բոլորս ունինք այդ շնորհքը, սակայն այսօր մենք եկած ենք հոս բազմաշնորհ մեր դասատուէն օգտուելու մանաւանդ իր այլազան տեսակի գիտելիքներէն»:

  Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով թէ «համադամ ճաշը իր գեղեցիկ եւ զարդարուն տեսքով կենսական գործօն մըն է տրամադրութիւնները բարձրացնելու»:

  Դասատուն հանրածանօթ Տիկ. Անահիտ Տօնիկեանն էր՝ Պէրութէն:

  Դասընթացքին կը մասնակցէին 80-է աւելի տիկիններ եւ օրիորդներ:

  Դասընթացքը տեւեց շուրջ 5 ժամ, որու ընթացքին պատրաստուեցան այլազան տեսակի ճաշատեսակներ ( Պրիանի, Շոմինով Պէօրէկ թարթ, Մոն Պլան...):   Դասընթացքի աւարտին բոլոր մասնակցողները ճաշակեցին պատրաստուած համադամ ուտելիքները: