Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, Ուրբաթ 30 Մայիս 2014-ի կ.ե. ժամը 3:00-ին, Ճաշարան «Ռազմիկ»ի մէջ տեղի ունեցաւ Համբարձման հաւաքոյթ:
Բացման խօսքը կատարեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Մատլէն Խօշեան, որ շեշտը դրաւ ազգային մշակոյթի պահպանման համար կատարուելիք աշխատանքներուն վրայ բոլոր միութիւններուն կողմէ, որպէսզի գոյատեւէ հայութիւնը եւ սերունդը մեծնայ գիտակցելով իր ազգային պատկանելիութեան:
Ձեռնարկը վարեց Տիկ. Սեւան Կարապետեան-Ադամեանը, որ իր քնքուշ ձայնով աշուղական եւ գաւառական երգերու փունջով մը խանդավառեց 135 ներկայ տիկինները: Շուրջպարերը խլեցին երկար ժամեր ինչպէս նաեւ կատարուեցան վիճակախաղեր: Մասնաճիւղին դարմանատան յանձնախումբի ընկերուհիները տարուան ընթացքին սպառած էին վիճակահանութեան տոմսեր ի նպաստ կեդրոնի նորոգման ծրագրին, որուն վիճակաձգութիւնը կատարուեցաւ ձեռնարկի ընթացքին: Եղան նաեւ նուիրատուութիւններ: Հաւաքոյթը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ուրկէ ներկաները մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ:









