Դասախօսութիւն (Կենցաղավարութիւն)

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած դասախօսական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2013-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին ՝ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը:

Օրուան դասախօսուհին էր երիցուհի՝ Գայանէ Թիւմպէրեան-Մըսըրլեանը, իսկ նիւթը՝ «լաւ յարաբերութիւն մշակելու գաղտնիքը»:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկերուհի Լիզա Թիւմպէրեան որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց դասախօսուհին, ապա ան յայտնեց թէ «մարդ արարածներս առանձին չենք կրնար ապրիլ. կ՛ապրինք ընկերութեան մէջ  եւ իրարու հետ յաջող յարաբերութիւն ստեղծելու համար պէտք է գիտնանք ինչպէս ապրիլ եւ ինչ չափանիշներով»:

Դասախօսուհին հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց  նիւթը, զայն ընդլայնելով եւ դասաւորելով ութը գլուխներու տակ՝ ընկերակցութեամբ power point-ի եւ տեսաերիզի:

Ներկաները մեծ հաճոյքով ըմբոշխնեցին այս շահեկան, այժմէական եւ ընկերային նիւթը:

Ձեռնարկին աւարտին օրուան դասախօսուհին գնահատուեցաւ յատուկ յուշանուրէով մը: