Կենսանիւթերու Եւ Հանքային Աղերու Կարեւորութիւնը

6 Օգոստոս 2013ի, Կ.Ա. ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհանէսեան» կեդրոնէն ներս, հրամցուեցաւ այժմ կարեւոր նկատուող, առողջութեան նպաստող նիւթ մը՝ «կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու կարեւորութիւնը», զոր ներկայացուց բժշկուհի ընկերուհի Սիրուն Վարդապետեանը:

40-է աւելի տիկիններ, յատկապէս երիտասարդներ, հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բժշկուհիին լաւապէս խնամուած ու հրամցուած դասախօսութեան, որ կը շեշտէր բնական սնունդով առողջութիւնը պահելու եւ օգտագործելու կենսանիւթերն ու հանքային աղերը:

Շահեկան նիւթ մը, հետաքրքրական փոխանցումով