ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած Կանանց Միջազգային Տօնի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 8 Մարտ 2013-ին,կէսօրէ առաջ ժամը 11:00ին, «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ : Օրուան պատգամախօսն էր Տիկ. Սօսի Պալեան:
Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ տիկիններ եւօրիորդներ:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Վերգինէ Այնթապեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, անդրադարձաւ ՝ մարդկային կեանքը իմաստաւորող կին էակինգոյութեան ու մշակութային եւ քաղաքական մարզերուն մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան մասին:
Իսկ, Ընկհ. Սօսի Պալեան իր բանախօսութեան ընդմէջէն մանրամասնօրէն ներկայացուց կին տիպարը իբրեւ զոհողութիւններու իտէալ եւ ընտանիքի պահպանման հիմնականսիւն:
Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը եւ աւանդական ճաշերու ու անուշեղէններու հիւրասիրութիւն :
Հանդիսութեան աւարտին դաստիարակչական յանձնախումբը ներկաներուն նուիրեց գեղեցիկ ծաղիկներ՝ տրամադրուած Talar Flowers-ի (Հուրի Աբրահամեանի) կողմէ:






