դասախօսութիւն

Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին ,ԼՕԽ-ի «Ֆիլհանէսեան» կեդրոնին մէջ ( Այնճար), տեղի ունեցաւ «Աղթամար» մասնաճիւղի Դարմանատան յանձնախումբին կազմակերպած «Ոսկրափտում»ի մասին դասախօսութիւնը:
Օրուան Դասախօսն էր՝ 10 տարիներէ ի վեր կամաւորաբար ԼՕԽ-ին ծառայող բժիշկներէն՝ Տոքթ. Ռիմոն Մասաատը, որ շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեամբ մանրամասն օգտաշատ բացատրութիւններ տուաւ ներկաներուն:
Վարձքը կատար յանձնախումբին եւ մասնաճիւղի վարչութեան: