Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 2:30 էն սկսեալ, տեղի ունեցաւ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի կազմակերպած Կաղանդի խրախճանքը, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ:
Խրախճանքին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Տիկ. Մատլէն Խօշեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ թամատա՝ Օրդ. Լուսիկ Տէր Գալուստեան.
Ճոխ մթնոլորտի մէջ ներկաներուն փոխանցուեցաւ նոր տարուայ աւանդութիւններու մասին գիտելիքներ, նաեւ անոնք զուարճացան խաղերով, ամանորի երգերով, պարերով, կաղանդ պապային այցելութեամբ եւ նուէրներով:



















