Անմիջական Օգնութեան Դասընթացք

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին եւ գործակցութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ եռօրեայ անմիջական օգնութեան դասընթացք մը «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, որուն մասնակցեցան գիւղէն խումբ մը երիտասարդներ եւ քաղաքապետութեան ոստիկանները:

Դասընթացքը ներկայացուցին Պէքայի օգնութեան խաչի պատասխանատուները:

Դասընթացքի աւարտին մասնակիցները ստացան համապատասխան հաստատագրեր: