Ուրբաթ 8 Նոյեմբեր 2014-ի Կ.Ա. ժամը 10:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի տարեցներու հաւաք մը թէյասեղանի շուրջ, կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին:
Բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Քնար Գամպէրեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ Լ.Օ.Խ.-ի տարած մարդասիրական աշխատանքներուն որմէ ետք ան հրաւիրեց օրուայ դասախօս՝ Հիւանդապահուհի Տիկ. Մարի -Ֆլօր Արուշեանը:
Տիկ. Արուշեան տարեցներուն փոխանցեց իրենց առողջութիւնը պահպանելու ձեւերուն մասին տեղեկութիւններ եւ նկարներու ընկերակցութեամբ փոխանցեց տարեցներուն սպառնացող հիւանդութիւններու կանխարգիլման ձեւերը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին օրուայ դասախօսուհին շրջեցաւ ներկաներուն մէջ եւ լուսաբանութիւններ տուաւ տարեցները մտահոգող հարցումներուն:







