Տարեցներու Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ լօխ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին, երեքշաբթի,13 օգոստոսի կ.Ե. Ժամը 5:00-ին, «Green Garden» ճաշարանին մէջ, հաւաքուեցան այնճարի տարեցները որոնք հիւրասիրուեցան պաղպաղակով եւ հայկական «պրիոշ»ով: հիւրասիրութիւնը նուէր էր ճաշարանի սեփականատէր՝ տիկ. Ալիս հանտեանի կողմէ:

Տարեցներու յանձնախումբի անունով տիկ. Զապել հաճեան արտասանեց բացման խօսքը: իսկ իր սրտին խօսքը փոխանցեց քոյր թէոպիստէ պետրոսեանը:
Ճոխ մթնոլորտի մէջ տարեցները արտասանեցին, երգեցին եւ պարեցին: