Տարեցներու Հաւաքոյթ
Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2013-ին՝ Այնճարի տարեց հայրենակիցները հրաւիրուած էին Ճաշարան «Նապաա Այնճար»ի մէջ, ուր Կաղանդի հաւաքոյթ մը կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին կողմէ:
Բացման խօսքը արտասանեց Օրուայ թամատայ՝ ընկհ. Անի Քերքէզեան: Ան մեծապէս գնահատեց տարեցներուն ունեցած վաստակը նշելով թէ նոր սերունդը կը գոյատեւէ այդ վաստակին պատճառավ:
Ան Ճոխացուց մթնոլորտը, ներկաներուն հրաւիրելով երգի, պարի, արտասանութեան եւ վերջապէս դիմաւորելու կաղանդ պապուկը՝ որ ժամանեց իր հետ բերելով նուէրներ:
Դարմանատան Բժիշկներու Հաւաքոյթ
Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2013ի երեկոյեան, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան ձրիաբար ծառայող բժիշկներուն համար, կազմակերպուեցաւ Կաղանդի հաւաքոյթ մը Ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: Յանձնախումբը առիթ ունեցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր կամաւոր կերպով ծառայող բժիշկներուն, տօնական մթնոլորտի մէջ:








